2012-12-20 13:16:34

Պիտի Թուայնացուի Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Մշակութային Ժառանգութիւնը


Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը 16-17 Դեկտեմբերին մասնակցած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն՝ նուիրուած հայ տպագրութեան 500ամեակին: Այդ ծիրին մէջ ունեցած ելոյթներուն ընթացքին նախարարը բարձր գնահատելով Մխիթարեաններուն անուրանալի ներդրումը՝ հայ գրատպութեան զարգացման աշխատանքներուն մէջ, նշած է, որ Հայաստանի նախագահին հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ շուտով պիտի սկսին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մշակութային ժառանգութեան թուայնացման աշխատանքները:
Նշենք, որ այդ ձեռնարկներուն առաջինը տեղի ունեցած է 16 Դեկտեմբերին Սուրբ Ղազար կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, ուր հայ տպագրութեան նուիրեալներու հոգիներուն համար Ս. պատարագ մատուցուած է։
Յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Սուրբ Ղազարի մէջ բացուած ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ներկայացուած են տպագրութեան հնագոյն սարքեր եւ գործիքներ: Մասնակիցները կարեւոր նկատած են հայ գիրքի նշանաւոր տպագրական կեդրոններէն մէկուն պահպանումը եւ համալրումը նոր ցուցանմոյշներով: Այդպիսով անիկա պիտի դառնայ հայ տպագրութեան իւրօրինակ թանգարան, հայկական մշակոյթի կարեւոր անձնագիր, համահայկական կարեւոր աշխատանքի դրսեւորում։








All the contents on this site are copyrighted ©.