2012-12-20 14:20:06

Մայայի Մարգարէութեան ''Աշխարհի Վերջը'' Անհեթեթ Լուրին, Վատիկանը Կը Պատասխանէ ''Քրիստոնէութեան Յարութեան Պատգամը Կ'ընդգրկէ Տիեզերաբանութիւնը։


Հանրային կարծիքը ու մամուլը վրդոված են Մայայի մարգարէութենէն. աշխարհի վերջը 21 դեկտեմբեր 2012-ին։
Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` հայր Խոզէ Գաբրիէլ ֆիւնէս` Վատիկանի աստղադիտարանի տնօրէնը կ'ապահովէ թէ աշխահի վերջը տակաւին հեռու է։
Ան Վատիկանի Օսսերվաթորէ Րոմանօ թերթին մէջ կը բացայայտէ որ քրիստոնէութեան Յարութեան պատգամը կ'ընթանայ տեզերաբանութեան ուսուցումներու հոսանքի դէմ, որ կ'ենթադրեն պաղէն դէպի խաւար` վերջը տիեզերքին։ ''Չի հասնող վերջը'' վերտառութեամբ խմբագրակին մէջ` հայր ֆիւնէս մէկ խօսքով կը հերքէ Մայիայի մարգարէութիւնը ընդգծելով ''այդ նիւթին մասին իսկ խօսիլը ժամանավաճառութիւն է''։
Գիտութիւնը թէեւ բաւականաչափ յառաջդիմութիւն կատարած է, սակայն կատարեալ չէ։ Քրիստոնեաներու համար տիեզերքը ու պատմութիւնը նշանակութիւն ունին, մահը պիտի չունենայ վերջնական խօսքը, քրիստոնէական պատգամը կը սորվեցնէ որ աշխարհը վերջ պիտի գտնէ վերջնական Յարութեան մէջ, վերջին օրը Տէրը յարութիւն պիտի տայ մեռեալներուն ու պիտի վերահաստատէ տիեզերքը։
Արդարեւ` կը գրէ հայր ֆիւնէս, մարդկային ու տիեզերական պատմութիւնը կը ներփակէ նշանակութիւն մը տրուած Տիրոջմէն` ''Աստուած մեզի հետ''։
Աստուծոյ խօսքը մեզի կը յիշեցնէ որ մենք կ'ընթանանք դէպի ապագայ մը, նշանակութեամբ հիմնովին բարի, հակառակ որ մխրճուած ենք պէսպէս տագնապներու մէջ։ Աւետարանը մեզի կ' երաշխաւորէ որ մարդկութեան ու տիեզերքի ապագան Քրիստոսի մէջ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.