2012-12-20 13:11:08

Արտասահմանի Եգիպտացիներուն 68 Առ Հարիւրը Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծին «Այո» Քուէարկած Է


Արտասահմանի մէջ քուէարկած 231 հազար եգիպտացիներու քուէներուն գրեթէ ամբողջական հաշուարկը ցոյց տուաւ, որ անոնց 68 առ հարիւրը նոր սահմանադրութեան նախագիծին «այո» քուէարկած է, իսկ 32 առ հարիւրը` «ոչ»: Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի, Քաթարի, Սուտանի, Փաքիստանի, Նիկերիոյ, Յորդանանի, Եմէնի եւ Իտալիոյ մէջ բնակող եգիպտացիներուն մեծամասնութիւնը համամիտ գտնուած է առաջարկուած սահմանադրութեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու, Պելճիքայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Լիւքսամպուրկի, Ալճերիոյ, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ բնակող եգիպտացիներուն մեծամասնութիւնը` «ոչ»: Արտասահմանի մէջ բնակող եւ արձանագրուած եգիպտացիներուն 83 առ հարիւրը կը բնակի Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ, իսկ Արեւմուտքի մէջ բնակող եւ արձանագրուած եգիպտացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.