2012-12-19 10:09:34

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հիմնադրութեան 25-ամեակի Եզրափակիչ Ձեռնարկ. Ս. Պատարագ Եւ Ս. Խաչի Յուշակոթողի Օրհնութիւն։


Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան արծաթեայ յոբելեանին առիթով, վարժարանի տնօրէնութիւնը զանազան հանդիսութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց յոբելենական տարին` լուսարձակի տակ առնելով այս կրթական հաստատութեան 25-ամեայ վաստակը, յաջողութեան ուղիին վրայ անոր արձանագրած պատուաբեր հանգրուանները եւ դէպի նոր բարձունքներ հասնելու անոր անկոտրում կամքը: 25 տարիներ շարունակ մեսրոպեան ջահը անմար պահող, հայ աշակերտին լոյս, գիտութիւն եւ հաւատք ջամբող այս օճախը, այսօր, քառորդ դարեայ իր բեղմնաւոր պատմութեան գիրքին մէջ նոր էջ մը կը բանայ` հոն արձանագրելու համար ոսկեայ տառերով գրուելիք նոր ձեռքբերումներ ու նուաճումներ: Արդարեւ, այս յոբելենական տարուան տօնակատարութիւններու շարքը եզրափակուեցաւ Ս. պատարագով, որ տեղի ունեցաւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 16 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5-ին: Պատարագը մատուցեց, անոր հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, (հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով) իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց իբրեւ քրիստոնեաներ ապրելու եւ հայազգի զաւակներուն սփռելու լուսաւորչեան հաւատքը: Իր քարոզին աւարտին Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը դրուատեց դերը հայ դպրոցին, գնահատեց վարժարանին կրթական մարմիններուն աշխատանքը եւ խնդրեց Աստուծմէ, որ Իր լիառատ օրհնութիւնները տայ եւ Իր հովանիին տակ պահէ բոլորը:
Պատարագի աւարտին, ներկաները թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն ու հաւաքուեցան վարժարանի դէպի եկեղեցի նայող պատին վրայ տեղադրուած Ս. Խաչի յուշակոթողին մօտ, որ սիրայօժար կերպով նուիրուած է վարժարանի ծնողներէն` Սարգիս Պասթրմաճեան ընտանիքին կողմէ: Այնուհետեւ, ՀԿՄ-ի շեփորախումբի նուագներուն ընկերակցութեամբ, Ս. Խաչ արիներու խմբապետները յուշակոթողին վրայէն վար առին հայկական դրօշակը եւ օրհնութիւնը կատարուեցաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ, որ այս բարեբաստիկ առիթով օրհնութեան գիր յանձնեց վարժարանի հիմնադիր բարերար` հանգուցեալ Կարպիս Հարպոյեանի տիկնոջ, բարձր գնահատելով հանգուցեալին շնորհակալ, օրինակելի եւ գերգնահատելի աշխատանքը, որուն առաջին քայլին` դպրոց կառուցելու ազգակերտ երազը իրականութիւն դարձնելու շնորհիւ, 25 տարիներէ ի վեր այս օճախը եղած է հազարաւոր հայ մատղաշ հոգիներու դարբնոցը, անոնց ազգային դիմագիծը կերտող կաճառը եւ տուած է բազմաթիւ շրջանաւարտ սերունդներ:
Հրավառութիւններու տօնական մթնոլորտին ներքոյ ներկաները ուղղուեցան «Պետողլեան» սրահ, ուր հիւրասիրութեան կողքին շնորհաւորութիւններ ընդունուեցան` վարժարանին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ բեղուն տասնամեակներ:










All the contents on this site are copyrighted ©.