2012-12-19 12:03:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը ։


Չորքշաբթի 19 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շարունակելով Հաւատքի Տարւոյն առթիւ Հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր
Աւետման խորհուրդը կը յայտնէ Մարիամի հաւատքը։ Գաբրիէլ հրեշտակապետը անոր կ՛ուղղէ հետեւեալ խօսքերը ''Ուրախացիր, շնորհքներով լեցուն, Տէրը քեզի հետ է'' (Ղուկ. 1,28)։ Այս ողջոյնը հրաւէր մըն ուրախութեան խոր զգացումի. Կ՛աւետէ չարին մթութեան պատճառաւ յառաջացած տխրութեան վերջը ու կը նշէ Բարի Աւետիսին սկիզբը։
Մարիամին մէջ կը լիանայ Աստուծոյ վերջնական գալստեան սպասումը։ Սուրբ Հոգիի բնակարան, Մարիամ այն էակն է որ բացառիկ կերպով բացաւ Արարիչին տանող դռները։ Աբրահամի նման, ան ինքզինք կը դնէ Աստուածային կամքին տրամադրութեան տակ` հնազանդելով հաւատքին։
Ինչպէս Աբրահամ հաւատացեալներուն հայրն է, մարիամ կը դառնայ տիպար ու մայր հաւատացեալներուն։ Մարիամի ու Աբրահամի հաւատքի ճանապարորդութիւնը նշուած է ուրախութեամբ ու խաւարի նշոյլներով։
Մարիամ հաւատքով կ՛ապրի աւետումի ուրախութիւնը. կ՛անցնի իր Զաւկին խաչելութեան խաւարէն հասնելու համար Յարութեան լոյսին։
Իր կեանքի ընթացքին Մարիամ յարատեւօրէն կը նորոգէ իր ''Այո'' ն Աստուծոյ կամքին։ Ու թոյլ կու տայ որ Անոր խօսքը ներգործէ իր հոգւոյն ու սրտին մէջ։
Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ հուսկ Սրբազան հայրը իր ճառին աւարտին - Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ հետեւելու Մարիամի հնազանդութեան ու հեզութեան։
Այս տօնը կը բացայայտէ թէ Աստուծոյ փառքը չի յայտնուիր յաղթանակի մէջ այլ անպաշտպան մանուկի մը աղքատութեան միջոցաւ որուն զօրութիւնը կը յաղթէ աշխարհի աղմկալի իշխանութիւնները։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ մօտեցէք Բեթղեհէմի խորհուրդին Մարիամի նոյն հեզութեամբ ու հաւատքով։ Դուք` սիրելի հիւանդներ, մսուրէն քաղեցէք այն ուրախութիւնն ու ներքին խաղաղութիւնը որ Յիսուս բերաւ աշխարհ եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ օրինակ առէք Նազարէթի ընտանիքէն որպէսզի ձեր ընտանեկան ուղեւորութեան մէջ կիրարկուին անոր արժէքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.