2012-12-19 15:16:22

Իրաքի Եկեղեցւոյ Ու Քաղաքական Իշխանութեան Միատեղ Կոչը,


Որպէսզի Միջազգային հասարակութիւնը չֆինանսաւորէ Քրիստոնեաներու արտագաղթը։

Եւրոպայի երկիրները եւ Արեւմուտքը կանչուած են օգնելու որպէսզի Իրաքի քրիստոնեաները մնան իրենց ծննդավայրերուն մէջ, եւ ոչ թէ նպաստեն անոնց փախուստին, յայտարարած է Իրաքի Քիրքուք թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լուի Սաքօ։ Ան իր այս կոչով մեղադրած է ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Շուէտի ու Աւստրալիոյ իշխանութիւնները, որոնք դիւրութեամբ անցագիր կը շնորհեն Իրաքի քրիստոնեայ ընտանիքներուն եւ կ'ընծայեն բնակարանի ու ամսականի դիւրութիւններ։ Այս հիւրընկալութիւնը թէեւ կրնայ իրագործուիլ բարի նպատակով, սակայն կը քաջալերէ քրիստոնեաները փախուստ տալու իրենց ծննդավայրէն։
Քիրքուք թեմի առաջնորդը, կը խնդրէ որ՝ արեւմուտքը ներդրումներ կատարէ Իրաքի մէջ, քաջալերելու համար քրիստոնեաները իրենց հայրենիքին մէջ մնալու, ֆինանսաւորելով երկրագործութեան, դաստիարակութեան, առեւտուրի ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ շատերը կարելիութիւն կ՝ունենան թէ աշխատելու եւ թէ ուրիշներուն ալ աշխատելու առիթ տալու։
Իրաքի նախարարապետը իր կարգին խնդրեց Եւրոպայի Միութենէն չքաջալերել իրաքցի քրիստոնեաներուն արտագաղթը, ընդգծելով որ Միջին Արեւելքը պէտք չէ պարպուի քրիստոնեաներէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.