2012-12-19 11:54:46

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։


Անանիա Սանահնեցի
Անանիա, Սանահինի նշանաւոր վանքի եւ հոգեւոր ուսումնարարնի վարդապետներէն է։ Ժամանակակից է Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին եւ իր յաջորդին` Խաչիկ Անեցիին. Ուստի ապրած է ԺԱ. դարուն։ Սակայն ուրիշ տեղեկութիւններ չունինք իր կեանքի եւ գործունէութեան մասին։
Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի եւ Վարդան Վարդապետին` Պետրոս Ա. Կաթողիկոսը իրմէ խնդրած է որ կատարէ մեկնութիւնը Պօղոս Առաքեալի 14 Թուղթերուն։ Ճիշտ է որ մեզի հասած է այսպիսի գրութիւն մը, սակայն չի կրեր Անանիա Սանահնեցիի անունը, այլ պարզապէս թարգմանութիւն մըն է Յովհան Ոսկեբերան հայրապետին, ինչպէս նաեւ Եփրեմ Խուրիի եւ Կիւրեղ Աղեքսանդրացիի գործերուն.։
Թերեւս այն բաժինները ուր կը խօսի Սուրբ Աստուածի մէջ աւելցուած որ խաչեցար-ի մասին, իր գրչէն ըլլան։ Սակայն ընդհանուր առմամբ այս գրութիւնը յետագային բնաւ իրեն վերագրուած չէ։
Ունի նաեւ ուրիշ գրութիւն մը, որ մեր ձեռքը ամբողջութեամբ հասած է եւ որ դարձեալ Գետադարձ Հայրապետի խնդրանքով գրած է, ինչ որ տարակուսական կը թուի ըլլալ, քանի Յոյներու եւ Քաղկեդոնի դէմ գրութիւն մըն է, մինչդեռ Գետադարձը յունասէր էր։ Աւելի հաւանական է որ անոր յաջորդին` Խաչիկ կաթողիկոսի դրդումով գրած ըլլայ, մանաւանդ որ գիրքը նուիրուած է նոյն կաթողիկոսին։
Այս գրութեան տիտղոսն է. Բանք հակաճառութեան. Եւ հոն կը խօսի զանազան խնդիրներու մասին որոնք գոյութիւն ունին Հայերու եւ Յոյներու միջեւ։ Անշուշտ ամենակարեւոր նիւթն է Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովը, որ պատճառ դարձաւ բաժանումի երկու եկեղեցիներու միջեւ։ Կը խօսի նաեւ Վրաց բաժանումին մասին, Մեռոնի օրհնութեան, բաղարջ հացի գործածութեան հայերու մօտ, Սուրբ Ծննդեան տօնին մասին եւ վերջապէս Սուրբ Աստուածի միայն Որդւոյն Աստուծոյ ուղղուած ըլլալուն մասին, որով Հայերը կ՛աւելցնեն` որ խաչեցար վասն մեր-ը։
Շարադրութեան ոճը գեղեցիկ է եւ զարդարուն, թէեւ կարգ մը հեղինակներ, ինչպէս Քիպարեան, զայն կը գտնեն միջակ եւ երբեմն նոյնիսկ ստորին։ Ճարտասանական ասոյթներ ալ ունի որոնք սակայն աւելի սուր կը դարձնեն վէճի եւ հակաճառութեան արդէն հատու նիւթերը։ Հեղինակը, մանաւանդ քաղաքական այդ նեղ շրջանին` հարկ եղած զգուշութիւնները չ՛առներ եւ ակնբախ կերպով կողմնակցութիւն ցոյց կու տայ։
Անանիայի կը վերագրուին զանազան ճառեր եւս, Յովնան Մարգարէին վրայ, Յովհաննէս Մկրտչի եւ Պետրոս Առաքեալի վրայ, ինչէս նաեւ Խրատք քահանայից կոչուած գրութիւնը։ Ի վերջոյ իրեն կը վերագրուի շատ գեղեցիկ լեզուով եւ ոճով գրուած ներբողեան մը, որու անունն է Երանելւոյ հօր Անանիայի հոգեվարժ փիլիսոփայի` ներբողեան ասացեալ ի սուրբ կաթուղիկէն, որ է ի նոր քաղաք` որ այժմ կոչի Վաղարշապատ։ Այս գրութիւնը կոչուած է նաեւ Շողակաթի ներբողեան։ Ոմանք սակայն կը կարծեն թէ այս գրութեան հեղինակը աւելի ճիշտ պիտի ըլլար դնել Անանիա Նարեկացին, որ աւելի ընտիր ոճ ունի քան Սանահնեցին։
Ի վերջոյ իր անունը կը կրէ նաեւ հոգեւոր եւ աւետարանական խրատներու հաւաքածոյ մը որ կը կոչուի. Երանելւոյն Անանիայի խօսք եւ խրատ աւետարանական, ուր կու տայ սկզբունքները հոգեւոր կեանքի, որպէսզի մարդ չի մոլորուի աջ եւ ձախ երթալով, այլ հասնի յաւիտենական կեանքի երջանկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.