2012-12-19 12:01:17

Աշխարհահռչակ Դերասան Ալէն Տըլոնի Այցը Երեւան Եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։


ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասանը 17 դեկտեմբերին Երեւան ժամանեց, ՜՜Շնորհաւոր Նոր Տարին, Մայրիկներ՝՝ անուան ժապաւէնի կալա- ներկայացումին առիթով։ Ան նաեւ՝ 18 դեկտեմբերին Մայր Աթոռ Ս Էջմիածին այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, այցելեց նաեւ Մայր Աթոռի թանգարանները ու ծանօթացաւ հայ ժողովուրդի ազգային- հոգեւոր գանձերուն։
Գալով ՜՜Շնորհաւոր Նոր Տարին, Մայրիկներ՝՝ ժապաւէնին, գործը 5 տարբեր բաժիններէ բաղկացած ռոմանթիք կատակերգութիւն է։
Գլխաւոր թեման մայրերու հանդէպ սէրն է։ Արդարեւ, հերոսուհիի մայրը, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կ՝երազէր տեսնել Ալէն Տըլոնը, ասոր համար, ան՝ (աղջիկը) կը փորձէ իրականացնել իր մօր երազանքը. կը կազմակերպէ այցելութիւն մը Փարիզ, եւ հոն ալ իր մայրը պատահաբար հանդիպում կ՝ունենայ Ալէն Տըլոնին հետ։ Ժապաւէնին հիմնական մասը նկարահանուած է Ռուսիոյ մէջ, իսկ Ալէն Տըլոնի մասը ֆրանսայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.