2012-12-18 12:47:59

Հայաստանն Ու Եւրամիութիւնը Ստորագրեցին Մուտքի Արտօնագիրի Դիւրացման Համաձայնագիր


Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը Պրիւքսէլի մէջ ստորագրած են մուտքի արտօնագիրներու տուչութիւնը դիւրացնելու համաձայնագիր: Դեկտեմբեր 17ին կայացած ստորագրութեան արարողութեան Եւրոպական միութեան կողմէ մասնակցած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու-Մարքուլիսը՝ որպէս Եւրամիութեան խորհուրդի նախագահ, ԵՄի ներքին գործոց յանձնակատար Սեսիլիա Մալմսթրոմը, Հայաստանի կողմէ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Համաձայնագիրը պիտի ուղարկուի Եւրախորհրդարան՝ ներքին ընթացակարգերու եւ ամբողջացման համար: Երբ երկու կողմերը յայտարարեն, որ բոլոր ներքին ընթացակարգերու դասաւորումը կատարուած է, այդ յայտարարութեան յաջորդող ամսուան առաջին օրը համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ: Երկու համաձայնագիրները պէտք է ուժի մէջ մտնեն միաժամանակ: Միացեալ Թագաւորութիւնը, Իրլանտան ու Դանիան համաձայնագիրին մաս չեն կազմեր:
Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, մասնաւորաբար անոնց, որոնք յաճախ կը ճամբորդեն, այս համաձայնագիրը աւելի դիւրին ու մատչելի պիտի դարձնէ Եւրոպական Միութեան երկիրներ ճամբորդութիւնը կարճաժամկէտ արտօնագիրներով՝ կարելիութիւն տալով 90 օրուան փոխարէն 180 օր ճամբորդելու առիթ ունենալու:
Համաձայնագիրները վաւերացման հանգրուան կը մտնեն 2013ի առաջին կէսին: Մուտքի արտօնագիրներու տուչութեան դիւրացման համաձայնագիրով Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կը նախատեսուին Շենկենեան գօտիի երկիրներ մուտքի արտօնագիր ստանալը դիւրացնող ընթացակարգեր: Այս համաձայնագիրով յատկապէս դիւրութիւն պիտի տրուի Հայաստանի կարգ մը քաղաքացիներու համար, ինչպէս՝ պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներ, գիտնականներ, ուսանողներ, լրագրողներ, մարմնակրթութեան եւ արուեստի գործիչներ, ԵՄ երկիրներու մէջ օրինական բնակութիւն ունեցողներու մերձաւոր ազգականներ, ԵՄ երկիրներուն մէջ գործող հայկական Սփիւռքի կառոյցներուն կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներու մասնակիցներ, եւ այլն: Կը նախատեսուի նաեւ նուազեցնել Շենկենեան մուտքի արտօնագիրին գինը՝ դարձնելով 35 եուրօ, ինչպէս նաեւ զայն դարձնել անվճար կարգ մը քաղաքացիներու, որոնց կարգին երեխաներուն ու թոշակառուներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.