2012-12-18 12:27:40

ԵՒ ԱՀԱ ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ԾՆԱՒ ՁԵԶԻ


Համայն քրիստոնեայ աշխարհը անհամբեր կը սպասէ Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան յիշատակը ապրելու ուրախութեան եւ յոյսի խորհուրդին: Յիսուսի ծնունդով աշխարհը ապրեցաւ նոր շունչ մը յոյսի եւ լաւագոյն ապագայի :
Ծննդեան տօնը երբեք չի կրնար անցնիլ առանց հետք մը ձգելու մեր կեանքին մէջ. տօն մըն է որ մեզմէ՝ շատ մը պատրաստութիւններ կը պահանջէ: Հոգեւոր պատրաստութիւն, նիւթական պատրաստութիւն, ինչպէս՝ եկեղեցւոյ եւ մսուրի զարդարանքը, շնորհաւորութիւններ եւ նուէրներ: Այս բոլոր կարգադրութիւնները կ’ընենք՝ Յիսուս Մանուկը ուրախութեամբ ընդունելու համար մեր սրտերուն եւ մեր հասարակութեան մէջ :
Ծնունդը համաշխարհային տօն մըն է որ կը տօնուի ամէնուրեք, թէ աղքատ եւ թէ հարուստ միջավայրերուն մէջ, քրիստոնեայ ըլլան կամ ոչ, եւ այս՝ դարերէ ի վեր:
Ծննդեան Տօնը ապրելու ենք մշտանորոգ զգացումներով՝ դէպքի մը առջեւ որ տեղի ունեցաւ աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ: Յիսուսի ֆիզիքական ծնունդը թէպէտեւ պատմական մէկհատիկ եղելութիւն մըն է, բայց ան կը մնայ միշտ Աստուծոյ կենդանի խօսքը: Կենդանի խօսք մը, որ ուղղուած է ամէն մէկուս՝ առանց բացառութեան տարիքի կամ սեռի կամ ընկերային դիրքի:
Բայց այս Խօսքը լսելու, իմանալու համար՝ պէտք է մենք մտիկ ընենք. մեր ականջներն ու սիրտը պէտք է պատրաստ պահենք : Աստուած մեր սրտին դրան առջեւ կը սպասէ, համբերութեամբ եւ սիրով, կը սպասէ որ մեր սիրտը իրեն բանանք, ինչպէս որ Յայտնութեան Գիրքին մէջ կը հաղորդէ. ,Ահաւասիկ ես կու գամ եւ դրան առջեւ կը սպասեմ: Ով որ ինծի դուռը բանայ, իր քովը կ’երթամ եւ բնակութիւնս կը հաստատեմե (Գ. 20) :
Եւ ի՞նչ կ’ուզէ մեզի ըսել Աստուած : Երկու կարճ նախադասութիւններու մէջ կարելի է խտացնել, թէ՝ ,Կը սիրեմ քեզ, եւ՝ ,Ետեւէս եկո՛ւր, հետեւէ՛ ինծի:
Չորս հազար տարիէ ի վեր Աստուած, Աբրահամի հետ դաշինքը կնքելէն ի վեր, չի դադրիր իր Սէրը մեզի յայտնելէ: Նախ անուղղակի միջնորդներով, մարգարէներու բերանով, եւ ի վերջոյ, ի լրումն ժամանակաց, իր միածին Որդին մեզի ղրկելով :
Եւ նոյնն է իր պատգամը. ,Յաւիտենական սիրով կը սիրեմ քեզ : Բա՛ց ինծի սրտիդ դուռը : Այնքան մեծ է սէրս քեզի հանդէպ, որ մինչեւ նոյնիսկ միակ Որդիս քեզի նման մարդ եղաւ, քու սիրոյդ համար : Մի՛ կենար անտարբեր, քու սէրդ ինծի տուր:
Եւ յետոյ, միւս Խօսքը որ նախ ուղղած էր մարգարէներուն, ինչպէս Եսայի մար-գարէին, եւ զոր Յիսուս պիտի կրկնէր իր առաքեալներուն եւ ամէն անոնց, որոնք պիտի հանդիպէին իրեն իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին, եւ որ կ՛ուղղէ ամէն մէկուս, թէ՝ ,Ե՛կ, հետեւէ՛ ինծի:








All the contents on this site are copyrighted ©.