2012-12-18 12:30:04

Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարք Ընտրուեցաւ Գերապայծառ Եուհաննա Եազիժին։


Պալամանտ համալսարանին մէջ, երկուշաբթի 17 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական ընտրութիւնը, որուն ընթացքին պատրիարք ընտրուեցաւ Եուհաննա Ժ. Եազիժին, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Եւրոպայի առաջնորդն էր:
Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանումէն ետք, Եուհաննա Ժ. Եազիժի դարձաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ 176-րդ պատրիարքը, որ ստանձնեց Արեւելքի մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ եկեղեցական եւ ընկերային առաքելութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:
Նորընտիր պատրիարքը՝ իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ, ըսաւ. ՜՜ քրիստոնեաները պիտի մնան Սուրիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ Սուրիան ինչպէս բոլորին, նաեւ անոնց հայրենիքն է՝՝:
Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ ՜՜Սուրիա պատմութեան ընթացքին լուրջ վտանգներու դէմ յանդիման գտնուած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մնալ հոն` հաւատալով եւ վստահելով Սուրիոյ կարողութիւններուն՝՝:
Ան հաստատեց Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պատրիարք Եուհաննա Եազիժի ընդգծեց, որ քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներուն հետ իրենց յարաբերութիւնները կարեւոր են, «եւ մենք -հաստատեց ան- անոնց հետ մէկ ընտանիք կը կազմենք եւ մարդակերտման նպատակով կ՛աշխատինք»: Ան նաեւ շեշտեց թէ՝ ինք իր համայնքին ծառան է եւ ոչ թէ պատրիարքը:
Եուհաննա Եազիժի ծնած է 1955-ին` Լաթաքիոյ մէջ: Ան իր երիտասարդութեան մեծ մասը Հոմսի ու Դամասկոսի մէջ անցուցած է եւ հիմնականին մէջ աշխատած է երիտասարդութեան հետ, ինչպէս նաեւ կազմած դպրաց դաս մը եւ հիմնած հոգեւոր երաժշտութեան դպրոց մը:
Ի լուր Նոր պատրիարքի ընտրութեան Լիբանանի վարչապետը՝ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նորընտիր պատրիարքին հետ եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոր ու յաջողութիւն մաղթեց` իր նոր առաքելութեան մէջ:










All the contents on this site are copyrighted ©.