2012-12-18 12:34:22

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Նախագահութեամբ՝ Հայածէս Ձայնաւոր Ս Պատարագ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ


Նոր Ժողովրդապետ Գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեանի հովուական պաշտօնին անուանումին առիթով։
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, կիրակի 16 դեկտեմբերի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի ժողովրդապետի հովուական պաշտօնին անուանումին առիթով, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատոյց նորանշանակ ժողովրդապետ հայրը, մասնակցութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, շնորհաւորութիւններն ու հիւրասիրութիւնը տեղի ունեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.