2012-12-18 12:22:55

2013-ի Ռիոյի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Հաւաքի Հսկումն Ու Եզրափակիչ Պատարագը Տեղի Կ՛ունենան Կարադիպայի Մէջ։


Պրազիլի Ռիօ քաղաքի քաղաքապետ` Էտուարտօ Բաէս ընդունելով 2013-ի Ռիոյի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի 75 երկիրներու եւ 40 եկեղեցական շարժումներու պատասխանատուները, որոնք վերջերս Պրազիլիա քաղաքին մէջ խորհդակցական ժողով գումարած էին աօ ի պատրաստութիւն Ռիոյի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին` որ տեղի պիտի ունենայ 2013-ին յուլիս 23էն - 28ը։
Քաղաքապետը յայտնած է իր կամքը Ռիոյի արեւմուտքը գտնուղ Կարադիպայի մէջ կազմակերպել երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի հսկումն ու եզրափակիչ սուրբ պատարագը։ Արդարեւ Կարադիպա դաշտը կարող է երկու միլիոն անհատ ընդունիլ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պրազիլ պիտի ժամանէ 25 յուլիսին ու Գոբագապանայի ծովեզերեան մասին մէջ պիտի ընդունուի։ Նոյն վայրը, 23 յուլիսին, պիտի հիւրընկալէ դուրսէն եկած երիտասարդները եւ 26 յուլիսի ճանպարահ խաչի արարողութիւնը։
Կարդինալ Ռիլքօն` նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին, յանուն եկեղեցւոյ, հրապարակաւ շնորհակալութիւնն ու գնահատանք յայտնած է Ռիոյի քաղաքապետին ցուցաբերած տրամադրութիւններուն, մատնանշելով որ Քահանայապետը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի պատրաստութիւններուն։ Եկեղեցւոյ համար այդ հանդիպումը յոյժ կարեւոր է։
Տեղւոյն առաջնորդին` գերապայծառ Թեմբեսդայի գնահատումով Ռիոյի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքը սկսած է բարեփոխել ոչ միայն Ռիօ քաղաքը այլ եւ եկեղեցին Պրազիլի մէջ։ արդարեւ այս տարի Պրազիլիայի մէջ յատուկ քարոզչութիւն կը կատարուի լաւագոյնս պատրաստուելու երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.