2012-12-17 12:33:53

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի Տօնը Սալմաստի Ս Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան – Շաբաթ 15 Դեկտեմբերին, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակի տօնը կատարուեցաւ Սալմաստի «Հին Քաղաք» (ներկայիս՝ Թազա-Շահր) գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան ընկերակցութեամբ ուխտաւորներու, մեկնեցաւ Սալմաստ Գաւառ, եւ հնադարեան եկեղեցւոյ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խնդրելով Սուրբին բարեխօսութիւնը՝ «Աղօթիւք Սրբոյն Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետին, որոյ այսօր է յիշատակ…» կ՝երգէր Հայր Սուրբը:
Հին Քաղաք գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցին կառուցուած է 1671 թուին: Փոքր 7x5 տարածութեամբ եւ 2 ուկէս մեթր բարձրութեամբ եւ մէկ մեթր գետնէն ցած թաղուած այս մատուռը, ունի շատ նեղ երեք լուսամուտներ՝ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Հիւսիսային պատերուն վերեւ զետեղուած: Իսկ դուռը՝ մէկ մեթր գետնին մէջ բացուած փոսէն կ՝իջնէ երկու աստիճաններով, ու կը մտնէ մատուռ: Ներսը խորանի եւ ատեանի գետինը հաւասար է: Ունի քարաշէն սեղան, զոր Ասորի համայնքը կանգնած է 1952 թուին, Ազգային Առաջնորդարանի համաձայնութեամբ, մատուռը ընդհանուր վերանորոգութեան ենթարկելուն առիթով: Նոյն թուին նաեւ վերոյիշեալ համայնքը մատրան դուռին վրայ թողած է ասորերէն արձանագրութիւն եւ դրած վերանորոգութեան թուականը: Եկեղեցւոյ պատերուն անտաշ քարերը վերանորոգութեան ընթացքին ամրացուած են, անոնց գիւղական տուներու հիւսուածքին մէջ շաղախի յաւելումով: Տանիքը փայտածածկ է, սակայն վերանորոգութեան առիթով կուպրապատուած: Հակառակ սոյն պաշտպանութեան, դարձեալ տանիքին վրայ աճած են վայրի բոյսեր, որոնց հունտերը նախապէս մնացած են լողուած տանիքի հողին մէջ: Հայ եւ Ասորի հաւատացեալ ուխտաւորներու աղօթական ներկայութիւնը զգալի է, մատուռին մէջ թէ արտաքին պատերուն տակ վառուած բազմաթիւ մոմերու հետքերով…: Վերադարձի ճամբուն վրայ, Թեմակալ Առաջնորդը կանգ առաւ Տերիշկ գիւղի բլրաձեւ գերեզմանատունը, աղօթելով այնտեղ հանգչող բազմաթիւ հայերու հոգւոց ի հանգիստ:








All the contents on this site are copyrighted ©.