2012-12-17 12:00:17

Եգիպտացիները Հրապարակ Կ՝իջնեն Նոր Սահմանադրութեան Դէմ,Ի Տես Հանրաքուէի 22 Դեկտեմբերի Երկրորդ Հանգրուանին։


Լարուածութիւնը բարձր կը մնայ Եգիպտոսի մէջ,շաբաթ օր կայացած Հանրաքուէի առաջին հանգրուանէն ետք։ Հանրաքուէին կը զօրակցին Նախագահ Մորսիի կողմնակիցները։ Բողոքներու ալիքը Ընդդիմութեան մաս կազմող Շարժումներու կողմէ առաւել բարձրացաւ երբ Մահմէտական Եղբայրներ կուսակցութիւնը արդէն յայտարարեց ՝՝Այո՝՝ներու յաղթանակը։
Միւս կողմէ Եգիպտոսի Հանրաքուէի Առաջին Հանգրուանի Քուէներու Հաշուարկը Ընթացքի Մէջ Է։ Մասնակցութեան բարձր համեմատութենէ մը ետք, նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի առաջին հանգրուանի քուէներու հաշուարկը դեռ ընթացքի մէջ է:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի եւ Իսլամ Եղբայրները կը զօրակցին փաստաթուղթին, որ ըստ քննադատներու, վատ կերպով բանաձեւուած է եւ ի նպաստ իսլամականներուն է:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, քուէարկութեան մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը «այո» քուէարկած է: Պաշտօնական արդիւնքները սակայն պիտի յայտարարուին յառաջիկայ շաբաթ օր` հանրաքուէի երկրորդ հանգրուանէն ետք:
Ապահովական ուժերու շուրջ 250 հազար անդամներ կը հսկէին Հանրաքուէին, որուն ընթացքին քուէարկելու համար արձանագրուածներուն թիւը աւելի քան 51 միլիոն էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.