2012-12-16 09:18:36

Մամլոյ Ասուլիս Եւ Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն Լիբանանի ՀՀ Դեսպանատան Մէջ։


Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին կայացաւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն նուիրուած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագետներ՝ Լիւսի Թութունճեանին եւ Ճոն Կյուվդերլեանին յանձնեց ՀՀ Սփյուռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալը: «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը նպաստելու, հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման համար ունեցած նշանակալի աւանդին համար» ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատւոյ գիրերով պարգեւատրուեցան Հայկազեան համալսարանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը, «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը, «Խօսնակ» եւ «Մասիս» ամսագրերը, «Հասկ» եւ «Աւետիք» պարբերականները եւ «Բագին» գրական-մշակութային ամսագիրը:
«Սփիւռքի հայ ինքնութեան պահպանման, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, կրթական գործի կազմակերպման եւ զարգացման բնագաւառին մէջ ունեցած վաստակի համար եւ ուսուցիչի օրուայ կապակցութեամբ» պատւոյ գիրեր ստացան մանկավարժներ Մաքրուհի Ունճեանը (Հայ Ավետարանական քոլեճ), Լենա Պալըքճեան-Պասմաճեանը (ՀԲԸՄ «Պողոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան»), Շուշիկ Մաւիսաքալեան-Թորոսը («Մելանքթոն եւ Հայկ Ասլանեան ճեմարան») եւ Կարպիս Գապասագալեանը (Հռիփսիմեանց երկրորդական բարձրագոյն վարժարան):
ՀՀ դեսպանը շնորհաւորեց պարգեւատրեալներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ համայնքի բոլոր կառոյցներուն՝ հայ մշակոյթի զարգացման, հայապահպանման գործին մէջ ունեցած աւանդի, հայանպաստ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեան համար:
Նախքան պարգեւներու յանձնումը, դեսպան Քոչարեան զեկուցեց դեսպանատան միամեայ գործունէութեան մասին, վեր առնելով յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան յաջողութիւնը, ընդծելով որ այս նշանակլի այցելութիւնը նպաստեց Հայաստան-Լիբանան բարեկամական կապերու ամրապնդումին եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնները գործադրութեան դնելու երկկողմանի յանձնառութեան։ Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Դեսպանութեան գործունէութեան զանազան բնագաւառներէն ներս, անոնց արդիւքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։
Յիշենք, որ Աւետիքի շնորհուած պատուոյ գիրը յանձնուեցաւ «Աւետիք» պատրիարքական պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ՝ պարոն Սարգիս Նաճարեանին:











All the contents on this site are copyrighted ©.