2012-12-16 12:42:28

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Սրբազան Հայրը Աղօթեց Նիւթաունի ''Անիմաստ Բռնութեան Զոհերուն'' ու օրհնեց ''Մանուկ Յիսուսի'' Արձանիկները։


Կիրակի 16 դեկտեմբերի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին խորհրդածութիւն մը կատարեց, կեդրոնացած`Սուրբ Ծննդեան խորհուրդի իմաստին վրայ ներկայացնելով Յովհաննէս Մկրտիչի դիմագիծն ու առաքելութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը ի մէջ այլոց ըսաւ ''Հաւատոյ տարուայ ընթացքին մեր դժուարութիւններն ու մեր կեանքը դիմագրաւենք հաւատքի աչքերով, հասկնալու համար թէ Քրիստոսն է երջանկութեան ակնաղբիւրը։'' Մեր երջանկութիւնը թող ցոլայ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր աշխատավայրերուն մէջ, մեր հասրակութիւններէն ներս, ուշադրութիւն դարձնելով մեր շուրջիններուն, անոնց հետ կիսելով մեր ունեցածը եւ ներելով մէկը միւսին''։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները հուսկ աւանդութեան համաձայն, օրհնեց տուներու` դպրոցներու եւ մսուրներու մէջ զետեղուելիք <<մանուկ Յիսուսի>> արձանիկները։ Նախաձեռնութիւն մը որ կը կտարուի ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին եւ որ կազմակերպուած է <<Հռոմի Քրիստոնէականի Կեդրոնավայրերու>> կողմէ։
Նշենք որ <<մանուկ Յիսուսի>> արձանիկներու օրհնութեան արարողութենէ առաջ` աւելի քան 5000 ուխատւորներ` անդամ <<Հռոմի Քրիստոնէականի Կեդրոնավայրերու>>, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին, մասնակցեցան Սուրբ Պատարագի Զոհին։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս իր ցաւը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Նիւթաունի մէջ պատահած ''անիմաստ բռնութեան'' զոհերուն անոնց ապահովցնելով իր աղօթքը եւ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը։
Մարեմեան աղօթքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ-ը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.