Asta«Սոթըպի՛զ» ի Աճուրդին Ծախուած Է Հայկական Մագաղաթէ Պատկերազարդ Աւետարան Մը։
«Սոթըպի՛զ» աճուրդի հանրածանօթ,նշանաւոր տան մէջ այս օրերուն վաճառուած է հայկական մագաղաթէ
աւետարան մը : Գիրքին վրայ նշուած էր 1656-1658 թուականները եւ հաւանաբար կը պատկանի
æուղայի մանրանկարչութեան դպրոցին: Աւետարանը բաղկացած է 265 էջերէ, որոնցմէ չորսը
լրիւ պատկերազարդ է: Նկարազարդուած է ո՛չ միայն գիրքին տիտղոսաթերթը, այլ նաեւ ուրիշ
էջեր: Պատկերներուն մեծ մասը կարմիր թանաքով եւ գրիչի ծայրով կատարուած է, առկայ են աւետարանիչի,
արմաւենիի, թռչուններու պատկերներ, ծաղիկներ, առիւծի 2 գլուխ եւ տաճար: Ձեռագիրին
գինը կը տատանէր 3000-5000 անգլիական ստերլինի միջեւ, իսկ անիկա ծախուած է 8125 ստերլինի
որ կը համապատասխանէ 13.086 տոլարի։