2012-12-15 13:17:28

ֆրանսայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Հաստատման 25-րդ Տարեդարձը ։


ֆրանսայի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդը հիմնուած է դեկտեմբեր 1987-ին։ Կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական երեք համանախագահները մեծ շուքով տօնախմբեցին տարեդարձը բողոքականներու տան մէջ եւ այդ առթիւ երկու մրցանակներ շնորհուեցան. Առաջինը` ուսանող Քրիստոֆ Տելեկին, աստուածաբանական ու մարդաբանական կատարած հետազօտութիւններուն համար, իսկ եկրորդը` շնորհուեցաւ Գլոտ Ժիւլեան Թիլին եւ Մարի Անթուանէթ Նուրիին` համամիութեան ի սպաս իրենց տարած աշխատանքին համար։
Նշենք որ ֆրանսայի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդի նպատակն է միատեղ խորհրդակցիլ ընկերային հարցերու մասին ու միատեղ դիրք առնել, տեղեկանալ տարբեր եկեղեցիներու նախաձեռնութիւններու մասին, միասնաբար նախաձեռնութիւններ կազմակերպել Եկեղեցիներու միութեան ի խնդիր։ ֆրանսայի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդին մաս կը կազմեն Անկլիգան, Հայ, Կաթողիկէ, Օրթոտոքս եւ Բողոքական եկեղեցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.