2012-12-15 12:15:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 2013- ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ Պատգամը։


''Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին''։

Երջանկայիխատակ Պօղոս Զ Սրբազան Քահանայապետէն հաստատուած` Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, ամէն տարի 1 յունաուրին, Եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները ու բարի կամք ունեցող մարդիկը խորհրդածելու խաղաղութեան կարեւորութեան վրայ ու նաեւ անհատի եւ ժողովուրդներու բարիքի ու անոնց բարգաւաճումին ի նպաստ։

2013-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ (մէկ յունուար 2013) Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որպէս բնաբան ընտրեց Մատթէոս Աւետարանի գլուխ 5-էն 9-րդ համարը` ''երանի խաղաղարարներուն ''։

Նորին Սրբութիւնը, այս առթիւ, երկարաշունչ պատգամ մը կ'ուղղէ քրիստոնեաներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց։ Պատգամը որ հանրութեան ներկայացուեցաւ ուրբաթ 14 դեկտեմբերին, կը կրէ 8 դեկտեմբերի ստորագրութիւնը եւ ստորաբաժանուած է եօթը մասերու`
    Երանի խաղաղարարներուն։
    Աւետարանական երանութիւնը։
    Խաղաղութիւնը` Աստուծոյ պարգեւ եւ մարդու յանձնառում։
    Խաղարարները անոնք են, որոնք կը սիրեն, կը պաշտպանեն ու կը պահպանեն կեանքը իր ամբողջութեամբ` սաղմէն մինչեւ բնական մահը։
    Կերտել խաղաղութեան բարիքը տնտեսական բարգաւաճումի նոր տիպարի միջոցաւ։
    Խաղաղութեան մշակոյթի ի խնդիր դաստիարակութիւն. ընտանիքի եւ իշխանութիւններու դերը։
    Խաղաղարարին մանկավարժութիւնը։


Պատգամի նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ ''ամէն ամանոր իր հետը կը բերէ ակնկալութիւն եւ իղձ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու համար։ Այդ հեռանկարով, աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած` մարդկութեան Հօր, որ մեզի շնորհէ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն, որպէսզի բոլորին համար իրականանայ երջանիկ ու բարգաւաճ կեանքի մը ակնկալութիւնը։ Մեր ժամանակաշրջանը - կը շարունակէ Սրբազան Հայրը - յատկանշուած է համաշխարհականացումով, իր դրական ու ժխտական երեւոյթներով, ինչպէս արիւնալի ընդհարումներով ու բարիքներու անարդար բաշխումով, ու մեզմէ կը պահանջէ վերանորոգ յանձնառում մը հասարակաց բարիքի ու բարգաւաճումի փնտռտուքի ի խնդիր։ Բայց եւ այնպէս - կը հաստատէ Ան - մխիթարական է դիտել, որ խաղաղութեան բազմաթիւ ներգործութիւնները, վկայութիւն մըն են մարդկութեան բնածին կոչումին ձգտելու` խաղաղութեան։ Եւ այս գիտակցութեամբ է որ իմ այս պատգամս ներշնջուած է Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքէն. ''Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին''։ ։

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ իր պատգամին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը, շեշտը կը դնէ մարդու եւ այր կնոջ միութեան վրայ որպէս ընկերութեան կարեւոր ամփոխարինելի դերակատար` որ սակայն ենթարկուած է աղաւաղանումի այն փորձերու հետեւանքով որ տարբեր ձեւերու միութիւնները անոր համարժէք կ՛ուզեն նկատել։
Սրբազան հայրը ապա կ՛անդրադառնայ Նոր տնտեսական ձեւի մը, հիմնուած` ''անվերապահ նուիրումի - Ձրիութեան '' վրայ, դուրս գալու համար ներկայ ֆինանսկական ու տնտեսական համաշխարհային տագնապէն ու ասոր համար կարիքը կայ ''անձերու, խումբերու եւ իշխանութիւններու որ խթանեն կեանքը յառաջացնելով մարդկային ստեղծագործութիւնը, նոյնիսկ ճգնաժամային պահերուն, նոր տնտեսական տիպար մը յառաջացնելով։''
Իսկական ու տեւական յաջողուոթիւնը - ապա կը հաստատէ Սրբազան Հայրը- կարելի է անձնուիրումով եւ մտաւորական անձնական կարողութիւններով ու նախաձեռնութեան ոգիով''։ Ան ապա իր պատգամը կ'եզրափակէ զգուշացնելով ''կեղծ խախաղութենէն որ այս աշխարհի երկրպագուները կը խոստանան'' ու կը մէջբերելով երանելի Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի խօսքը ''հայցենք Աստոուծմէ որ լուսաւորէ ազգերու պատասխանատուները որպէսզի գործեն հոգատարութեամբ իրենց ժողովուրդին բարրօրութեան համար ու պաշտպանեն խաղաղութեան շնորհքը։'' կը գրէ ''մեր այս աղերսով կը մաղթաեմ որ բոլոր մարդիկը դառնան խաղարարներ, այնպէս որ մարդու քաղաքը աճի ներդաշնակ եղբայրակցութեան, բարրօրութեան ու խաղաղութեան մէջ։''









All the contents on this site are copyrighted ©.