2012-12-15 11:27:53

Եգիպտոսի Մէջ Այսօր Նոր Սահմանադրութեան Շուրջ Հանրաքուէի Առաջին Հանգրուանը։


Եգիպտոսի ընդդիմադիր խմբակները այսօրուան հանրաքուէի նախօրեակին նոր սահմանադրութեան դէմ հաւաքներ կատարեցին: Գահիրէի մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք սահմանադրութեան դէմ առնուազն երկու հաւաքներ տեղի ունեցան:
Նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները իրենց կարգին գլխաւոր ճամբաներու վրայ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Այո՛, սահմանադրութեան»: Նշենք, որ ընդդիմութեան Ազգային Փրկութեան ճակատը կոչ կ՛ուղղէ «ոչ» քուէարկելու: Անոնք կը յայտնեն, որ առաջարկուած բանաձեւը «շատ իսլամական» է:
Քուէարկութեան կեդրոնները Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ կը բացուին այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին(տեղեական ժամով)իսկ երկրին մնացեալ կէսը պիտի քուէարկէ մէկ շաբաթ ետք: Այս դասաւորումը կատարուած է, որովհետեւ քուէարկութիւնը վերահսկելու պատրաստակամ դատաւորներուն թիւը քիչ է: Քանի անոնց մեծամասնութիւնը կը մերժեն քուէարկութեան վերահսկել:








All the contents on this site are copyrighted ©.