2012-12-15 12:17:29

Արեւելեան Ժողովի Կառվարիչ Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին, Այցելեց Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին։


Ուրբաթ 14 դեկտեմբեր 2012 -ի յետմիջօրէին, Արեւելեան Ժողովի Կառվարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, որ այս օրերուն Իրագ կը գտնուի, այցելութիւն կատարեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ այդ առթիւ ներկայ գտնուեցաւ ''Հաւատոյ Տարուայ'' առթիւ կազմակերպուած` Յիսուսի Ս. Ծննդեան համերգին, որուն մասնակցեցան Պաղտատի բոլոր տեղեական իշխանութիւնները եւ դիւանգիտական մարմինը։

Իր արտասանած խօսքին մէջ ծիրանաւորը իր գոհունակութիւնը յայտնեց գտնուելու Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Հայ եկեղեցին, ըսաւ Ան, կարելի է սահմանել որպէս ''մարդկութեամբ մասնագէտ'', որովհետեւ '' մասնագէտ է տառապանգի'' շաղախուած հերոսական ժողովրդի պատմութեամբ, որ որպէս առաջին Ազգ` ինքզինք քրիստոնեայ հռչակեց ու խաչը հանդիսացաւ անոր պարծանքը բոլոր դարերու հոլովոյթին։
Կարդինալը ապա մեկնաբանեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն հռչակուած ''Հաւատոյ Տարւոյն'' նշանակութիւնն ու նպատակը իու ակնարկեց ''Եկեղեցիներու միութեան'' անհրաժեշտութեան մասին։
Ան ապա իր խօսք եզրափակեց մէջբերելով ս. Գրիքոր նարեկացիի պաղատանքը առ ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.