2012-12-15 12:47:29

«Օգնիր Եղբօրդ»ը Ամանորի Նուէրներ Պիտի Ուղարկէ Սուրիահայ Երեխաներուն.


«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Նոր Տարուան առիթով նուէրներ ուղարկել սուրիահայ մանուկներուն եւ պատանիներուն։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը, որ դիտել տուած է, թէ այս հանգրուանին բանակցութիւններ կը կատարուին, որպէսզի ճշդուի, թէ նուէրները ի՛նչ ճամբով պիտի փոխադրուին Սուրիա։
«Նոր տարուայ առթիւ որոշել ենք Սիրիայի փոքրիկներին նուէրներ ուղարկել: Տուփերում հիմնականում կը լինեն քաղցրաւենիքներ երեխաների համար», նշած է Գալստեանը՝ հաւանական նկատելով, որ նոր ծրարները դարձեալ ուղարկուին սուրիական օդանաւային ընկերութեան ճամբով։

Ամանորի նուէրներ պիտի ստանան նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ մանուկները։ «Մենք շարունակում ենք օգնութիւն տրամադրել նաեւ Հայաստանում հաստատուած սիրիահայերին, որոնցից արդէն 600 ընտանիք օգնութիւն է ստացել», փոխանցած է Գալստեանը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի սուրիահայ երեխաներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ ամանորի ուրախ հանդէս:
Լիլիթ Գալստեանը կոչ ուղղած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներուն՝ դիմելու ՝՝Հայ Օգնութեան Միութիւն՝՝եւ արձանագրուելու, որպէսզի համապատասխան օգնութիւն ստանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.