2012-12-14 13:12:09

Վատիկան։ Սուրբ Ծննդեան Տօնածառի Լուսաւորումի Արարողութիւնը


Ուրբաթ 14 դեկտեմբերի յետ միջօրէի ժամը 16-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ յատուկ արարողութիւն մը որուն ընթացքին հոն զետեղուած 24 մեդր բարձրութիւն ունեցող տօնածառը, որ նուէրն է Իտալիոյ Մոլիզէ մարզի Բէսգոբէննադարօ հասարակութեան, կը լուսաւորուի։
Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ հակիրճ համերգով եւ Վատիկանի ոստիկանութեան շեփորախումբի ելոյթով որմէ ետք տեղի կ՛ունենան ոտանաւորներու ընթերցում ու ապա պատկան իշխանութիւններու ելոյթները որոնց շարքին Վատիկանի Կառավարութեան Ընդհանուր Քրատուղար`Գերապայծառ Ճուզեփփէ Շաքքա, Բէսգոբէննադարօյի քաղաքապետ Տիար Բոմբիլօ Շուլի եւ Իտալիոյ Մոլիզէ Մարզի նախագահ Տիար Անճէլօ Միքելէ Եորիօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.