2012-12-14 13:08:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 14 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Վատիկանի ''Րէտէմբթորիս Մաթէր'' մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ''Գալստեան'' տօնին պատրաստական քարոզներու երկրորդ նիստը զոր կատարեց քահանայապետական տան քարոզիչը հայր Րանիէրօ Քանդալամեսսան եւ որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը11-ին ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն։ հուսկ ժամը 12-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած տօնածառը նուիրող 440 բարերարներուն որ ժամանած էին Իտալիոյ Մոլիզէ Մարզի Բէսգոբէննադարօ քաղաքէն ։ Յայտնենք որ յետ միջօրէին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարուած յատուակ արարողութեան մը ընթացքին տեղի կ՛ունենայ Ծնունդի տօնածառի լուսաւորումը։

Ծննդեան տօնածառի բարերաներուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ի մէջ այլոց ըսաւ ''տարբեր ժամանակներուն երբ փորձուած է մարել Աստուծոյ լոյսը վառելու համար ցնորքի խաբուսիկ լոյսերը, մարդկութիւնը ապրած է ողբերգութեան ու բռնութիւններու շրջաններ։ Այս մէկը որովհետեւ երբ Աստուծոյ անունը ջնջուի պատմութենէն արդիւնքն այն է որ ամէնէ գեղեցիկ ու վեհանձն գաղափարներն ու բարերը կը կորսնցնեն իրենց իսկական իմաստը։ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ազատութեան, հասարակաց բարիքին եւ արդարութեան նիւթերուն որոնք - ըսաւ Ան - ''զրկուելով Աստուծոյ սէրէն կը մնան յաճախ մարդէն շահագործուած իրողութիւններ ու կը կորսնցնեն քաղաքացիական պատասխանատութեան եւ ճշմարտութեան հետ կապը։
Նորին սրբութիւնը ապա սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց նուիրած գեղեցիկ տօնածառին համար որ ''Հաւատոյ տարուայ տօնածառն է'' ըսաւ Ան անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ շնորհքները որպէսզի աւելցնէ իրենց ու իրենց հասարակութեան հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.