2012-12-14 13:29:04

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ


ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐԿՆՔԻ ԵՒ ԵՐԿՐԻ ԱՐԱՐԻՉՆ Է
Ս. Գիրքը կÿըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծնդ 1, 1)։ Եկեղեցին ալ իր հաւատոյ դաւանանքին մէջ կը հռչակէ, թէ Աստուա՛ծ է ստեղծիչը տեսանելի եւ անտեսանելի ամէն բանի, անմարմին եւ նիւթական բոլոր էակներուն, այսինքն՝ հրեշտակներուն, տեսանելի աշխարհին եւ յատուկէն մարդուն։
Աստուած աշխարհը չէ կազմած առաջուընէ գոյութիւն ունեցող նիւթէ մը, այլ զայն ոչինչէն ստեղծած է, առանց հարկադրանքի եւ ստիպման, եւ բոլորովին ազատօրէն ու յօժարակամ: Միակ պատճառը արարչագործութեան՝ եղած է Աստուծոյ բարութիւնը, զոր Ան կ՛ուզէր հասցնել բոլոր արարածներուն զորս պիտի ստեղծէր: Որովհետեւ Աստուած, Ինքն իր մէջ եւ Ինքն իրմով գերազանցօրէն երջանիկ ըլլալով պէտք չունի ոչ մէկ բանի եւ ոչ մէկուն, ինչպէս Դաւիթ կը հռչակէ հետեւեալ խօսքերով. «Իմ Տիրոջս ըսի՝ Դուն իմ Աստուածս ես եւ պէտք չունիս իմ ինչքերուս» (Սղ. ԺԵ, 2): Եւ Նկատի առնելով որ Աստուած հետեւած է միայն իր բարութեան ցուցմունքին՝ ստեղծելու համար իր ուզածը, այսպէս ալ, տիեզերքը ստեղծելու համար հետեւած է իր սեփական օրինակին եւ ծրագրին:
Անոր անսահման Իմաստութիւնը Ինքն իր մէջ կը պարունակէ ամէն բանի նախատիպար գաղափարը. այս գաղափարը դիտելով եւ զայն իրագործելով, այս Գերագոյն Աշխատաւորը, Իրեն յատուկ Իմաստութեամբ եւ Զօրութեամբ, սկիզբէն ստեղծած է բոլոր էակները. «Ըսաւ, եւ ամէն ինչ եղաւ, հրամայեց եւ ամէն ինչ ստեղծուեցաւ (Սղ. ՃԽԸ, 8):
«Երկինք եւ երկիր » խօսքերով կը հասկնանք ամէն ինչ որ բովանդակուած է երկնքի եւ երկրի մէջ: Որովհետեւ Աստուած ոչ միայն ստեղծեց երկինքը, որուն համար Մարգարէն ըսաւ թէ «իր մատերուն գործն է» (Սղ. Ը, 4), այլ նաեւ զայն զարդարեց արեւուն, լուսնին եւ միւս աստղերուն լոյսով, զանոնք տալով իբրեւ նշաններ, որպէսզի անոնց միջոցաւ զանազանուին եղանակները, օրերը եւ տարիները (Ծննդ. Ա, 14): Ինքն է նաեւ աստղերուն պարգեւողը՝ ընթացք մը՝ այնքան մնայուն եւ կանոնաւոր, որ չկայ բան մը այնքան արագ՝ իրենց իրենց մշտատեւ շարժումը եւ այնքան կանոնաւոր՝ ինչպէս այդ շարժումներուն ընթացքը:
Աստուած ստեղծեց նաեւ մաքուր հոգիներ եւ անթիւ հրեշտակներ, որոնք պիտի ըլլային իր ծառաները եւ սպասաւորները: Զանոնք զարդարեց եւ Ճոխացուց իր շնորհքին եւ զօրութեան պարգեւներով:
Երբ Ս. Գիրքը մեզի կը պատմէ թէ սատանան չմնաց ճշմարտութեան մէջ, մեզի յստակօրէն կը բացայայտէ թէ ինքը եւ միւս անհաւատարիմ հրեշտակները ընդունած էին շնորհքը իրենց գոյութեան սկիզբէն ի վեր: Ս. Օգոստինոս զայն յստակօրէն հը հաստատէ. «Աստուած, կ՛ըսէ, հրեշտակները ստեղծեզ անոնց տալով ուղիղ կամք մը, այսինքն՝ մաքուր սէր մը որ զանոնք իրեն կը միացնէր, կազմելով միանգամայն անոնց բնութիւնը եւ վրան աւելցնելով շնորհքը, իբրեւ տուրք»:
Մեր յաջորդ նիւթը պիտի ըլլայ՝ Մարդուն ստեղծագործութիւնը: Պիտի խորհրդածենք թէ ի՞նչ կը նշանակէ՝ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.