2012-12-14 12:02:53

Հայ Գիրքի Տպագրութեան 500-ամեակի Փակման Առիթով Գիտաժողով, Տպագրական Թանգարանի Բացում Եւ Համերգ։


Նախաձեռնութեամբ՝ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ Հ Հ Սփիւռքի Նախարարութեան։
Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Հ Հ Սփիւռքի Նախարարութեան հետ կազմակերպած է , Հայ Գիրքի տպագրութեան 500 ամեակի հանդիսութիւններու փակման առիթով Գիտաժողով, Տպագրական թանգարանի բացում եւ Համերգ մը, 15-17 Դեկտեմբեր(2012) ։
Շաբաթ, 15. Դեկտեմբերի, Երեկոյեան (ժամը 20.30-ին), Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանէն ներս տեղի կ՚ունենայ համերգ նուիրուած հայ գիրքի 500ամեակին։
Կիրակի 16 դեկտեմբերի, առաւօտեան (ժամը 11-ին) Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, հոգեհանգստեան պաշտօնով, բոլոր տպագրիչներուն համար։ Որուն պիտի յաջորդէ, սիրոյ սեղան մը վանքի սեղանատան մէջ։ Իսկ՝ ժամը 15-ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ղազարի տպագրական թանգարանի բացումը։ Նոյն օրը, երեկոյեան, համերգը պիտի կրկնուի միշտ ժամը 20.30ին։ Երկուշաբթի, 17 Դեկտեմբերի, ամբողջ օրը (ժամը 9,30էն 18-ը) վերապահուած է գիտաժողովի զեկոյցներուն ։
Մխիթարեան Հայրերէն ելոյթ կ՚ունենան Հ. Վահան Վրդ. Օհանեան, Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիքեան, Հ. Պօղոս Վրդ. Գոճանեան եւ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան։ Իսկ՝ աշխարհական մտաւորականներէն պիտի մասնակցին, Ռայմոնտ Գէորգեան, Մելինէ Փեհլիւանեան, Ագնէս Ուզունեան, Քլոտ Մութաֆեան, Մերուժան Կարապետեան, Սեպուհ Ասլանեան եւ Ռուտի Կորիան։










All the contents on this site are copyrighted ©.