2012-12-14 11:57:59

Լիբանանի Կրօնական Ու Պատմական Հնադարեան Վայրերու Մասին Ազգային Ա. Համագումարը։


Յոյն կաթողիկէ պատրիարք' ամենապատիւ Գրիգոր Լահհամի հրաւէրով, եւ հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի նախագահ՝ Միշէլ Սուլէյմանին, յոյն կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, տեղի ունեցաւ, Հինգշաբթի՝ 13 դեկտեմբերին, Լիբանանի կրօնական ու պատմական հնադարեան վայրերուն մասին առաջին ազգային համագումարը։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան պետական ու հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին' Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, մարոնի պատրիարքը՝ կարտ. Բշարա Րայի եւ յոյն կաթողիկէ պատրիարքը՝ Գրիգոր Լահհամ։ Հանդիսութեան խօսք առին Լիբանանի կենսոլորտի, ներքին գործոց, հաղորդակցութեան եւ լրատուութեան նախարարները, որոնք անդրադարձան կրօնական եւ հնադարեան կեդրոններու մշակութային ու պատմական արժէքներուն։
Երկրի իսլամ, տիւրզի եւ քրիստոնեայ համայնքապետները նաեւ միջամտութիւններ ունեցան այս առթիւ, որոնք բարձր գնահատեցին այս համազգային եւ կրօնական նախաձեռնութիւնը, ամրապնդելու համար ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը։ Հանդիսութեան յաջորդեց սիրոյ սեղան մը, ի պատիւ համագումարի մասնակցիներուն։ Ապա յետմիջօրէին շարունակուեցան համագումարին աշխատանքները չորս նիստերով, գործակցաբար մշակոյթի նախարարութեան։









All the contents on this site are copyrighted ©.