2012-12-14 13:14:53

Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ ԼԷօնարտօ Սանտրին Իարգի Մէջ


Հինգշաբթի 13 դեկտեմբերին` Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը, կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին, մեկնեցաւ Իրագ չորս օրուայ հովուական այցելութեամբ։
Ուրբաթ 14 դեկտեմբերին ծիրանաւորը կը նախագահէ Ասորի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութիւն, ներկայութեամբ Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանին։ Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը նախատեսուած է շաբաթ 15 դեկտեմբերին։
Կիկարի 16 դեկտեմբերին Կարդինալ Սանտրին Գիրքուքի Աթոռանիւստ եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի տեղւոյն հաւատացեալներուն անոնց ուղղելով աւուր պատշաճի խօսքը ու ապա 17 դեկտեմբերին Էպրիլի նորընծայարանը կ՛այցելէ։
Արեւելեան Ժողովի կառավարիչը իրագի իր այցելութիւնը կ՛աւարտէ 17 դեկտեմբերին


Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցին (Սուրիանիները)։
Այս եկեղեցին որպէս Պատրիարքական Աթոռ ճանչցուեցաւ երջանկայիշատակ Պիոս Զ. Պապին կողմէ 1783-ին (նոյնիսկ եթէ նախապէս՝ 1656-էն ի վեր փորձեր կատարուած էին)։ անոնց թիւը սուրիոյ կաթողիկէներու 12 առ հարիւրն է։ Անոնք եւս Թուրքիոյ մէջ, Ա. Աշխարհամարտի վերջերուն ջարդուեցան։
Սուրիանիներու թիւը ըստ 2006-ի տուեալներուն 132.000 է։ Հոգեւոր պետն է Ասորիներու (Սուրիաններու) Անտիոքի Պատրիարք՝ Մար Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան, ծնած 1944-ին Պատրիարք ընտրուած 2009-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.