2012-12-14 12:28:36

«Սուրիական Ընդդիմութեան Յաղթանակը Կարելի Չէ Բացառել» Կ՛ըսէ Միխայիլ Պոկտանով.


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը աստիճանաբար երկրի տարածքին վերահսկողութիւնը աւելի կը կորսնցնէ եւ ընդդիմութեան յաղթանակը կարելի չէ բացառել:
Ան նշած է, թէ զինեալ ընդդիմութիւնը իր կարգին կ՛ըսէ, որ յաղթանակը սարերու ետեւը չէ, «ուր որ է պիտի գրաւեն Հալէպը, կամ Դամասկոսը»: Այժմ ընդդիմութեան կը խոստացուի արտերկրէն զինամթերքի մատակարարման եւ զինեալներու նախապատրաստման մասին, ինչ որ կ՛ոգեւորէ ընդդիմութիւնը:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «ընդդիմութեան մարտիկներուն դէպի մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնը յառաջանալէն ետք, սուրիացի ժողովուրդը այլեւս նախագահ Պաշշար Ասսատը տապալելու համար միջազգային ուժերու միջամտութեան կարիքը չունի»:
Ան նշեց, որ իշխանութիւնը յանձնելով, երկրէն հեռանալու շուրջ ընդդիմութիւնը Ասսատի կողմէ առաջարկներ պիտի ուսումնասիրէ, սակայն որեւէ երաշխիք պիտի չտայ նախքան լուրջ առաջարկ մը տեսնելը:
Իսկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռազմուսեն իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը իր տապալման ժամկէտին կը մօտենայ:
Միւս կողմէ Ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կիրասիմով ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի նախագահ Քնուտ Պարթիլեսի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռուսիոյ հաստատ կեցուածքը այն է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել միայն առնչակից երկու կողմերուն միջեւ եւ առանց երրորդ կողմի մը միջամտութեան, մանաւանդ առանց զինուորական ուժի օգտագործման:








All the contents on this site are copyrighted ©.