2012-12-13 11:25:10

Վատիկանեն Տեղեկութիւններ։


Ֆրանսայ։ Հինգշաբթի 13 դեկտեմբերին ֆրանսայի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջկրօնական մրցանակներու բաշխում, քաջալերելու համար քրիստոնեաներու միութեան փնտռտուքը, ֆրանսայի քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդի ստեղծման 25րդ տարեդարձի առթիւ։ Նշենք որ սոյն խորհուրդին մաս կը կազմեն Կաթողիկէ, Օրդոտոքս, Բողոքական եւ Անկլիքան եկեղեցիները։

Հռոմ։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած 2013-ի մսուրը որ նուէրն է Իտալիոյ Պազիլիքադա Մարզին։

Վատիկան։ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ Մեքսիքայի Միջիաքան Նահանգի կառավարիչը ընդունելութիւն մը սարքած է ''մէքսիքական ծնունդը վատիկանի մէջ'' խորագրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առթիւ։
Նշենք որ այս տարուայ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին ու Վատիկանի Թանգարանի մէջ զետեղուած 6 մեթրնոց տօնածառերեն ու մսուրները նուէրն են Մեքսիքայի Միջիաքան Նահանգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.