Ծննդեան Հոգեւոր Երաժշտութեան Փառատօն Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա»
Եկեղեցւոյ Մէջ։
«Պէյրութը կ'երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շրջագիծին մէջ, Պէյրութի
հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ`
չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան , տեղի ունեցաւ հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի
Սուրբ Ծնունդի համերգը: Համերգին բացման խօսքը արտասանեց «Արմիս» մշակութային յանձնախումբի
ատենապետ Հրայր Ճեպեճեան, որ մաղթեց, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղութեամբ եւ յաջողութեամբ
լի տարի մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին
այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ապա ելոյթ ունեցաւ «Արմիս» երգչախումբը, որուն խմբավարն
է Կարօ Աւեսեան, իսկ դաշնակահարը` Լորի Այնթապլեան: Խումբը երգեց Կոմիտասի «Քրիստոս ի
մէջ»-ը, Մովսէս Խորենացիի «Ուրախացի՛ր սրբուհի»-ն, Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն եւ սուրբ Ծնունդի
տօնին նուիրուած շարք մը ստեղծագործութիւններ: 27 անդամներէ բաղկացած «Արմիս»-ը համերգի
աւարտին երգեց սուրբ Ծնունդի դասական երգերու երգաշար մը, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն,
որոնց իբրեւ արդիւնք երգաշարէն հատուած մը անգամ մը եւս ներկայացուեցաւ: Յայտնենք,
որ համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արմիս» լարային քառեակը, որ նուագեց Կանաչեանի
«Օրօր»-ը եւ Հենտըլի «Ալէլուիա»-ն: «Պէյրութը կ'երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնին
ընդմէջէն «Արմիս» երգչախումբը հայ թէ օտար հասարակութեան մօտ ստեղծեց տօնական մթնոլորտ
եւ մատուցեց բարձրորակ արուեստ: