2012-12-13 14:29:18

Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Կ՛որոշէ Հանրաքուէին Ընթացքին «Ոչ» Քուէարկել


Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը իր համակիրներուն կոչ ուղղեց վիճելի նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ շաբաթ օր նախատեսուած հանրաքուէին ընթացքին «ոչ» քուէարկելու: Սակայն նշեց, որ կրնայ այս կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկել եւ որոշել հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկել, եթէ մինչ այդ չապահովուին կարեւոր պայմաններ, որոնք են` դատաւորներու կողմէ հանրաքուէի վերահսկողութիւն, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեանց դէտերու ներկայութիւն, ապահովական բաւարար ներկայութիւն, քուէահամարի աւարտէն ետք արդիւնքներու մանրամասն հրապարակում եւ քուէարկութիւնը մէկ օրուան ընթացքին աւարտել:
Քուէարկութիւնը արդէն իսկ սկսաւ արտասահմանի մէջ եգիպտական դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու մէջ:
Ազհարը բոլոր եգիպտացիներուն կոչ ուղղեց մասնակցելու հանրաքուէին` զայն նկատելով ազգային պարտականութիւն մը եւ զգուշացնելով, որ «քուէարկողներուն կամքը խեղաթիւրելը մեղք է»:
Մինչ այդ, եգիպտական բանակը յայտարարեց, որ ազգային միութեան նպատակով երէկ տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութիւնը յետաձգուած է, «որովհետեւ հակազդեցութիւնները ակնկալուած մակարդակին չէին»:
Միւս կողմէ, Միջազգային դրամական ֆոնտը յայտնեց, որ պատրաստ է ներկայ փոխանցման հանգրուանին ընթացքին, հակառակ երկու կողմերուն միջեւ 4.8 միլիառ տոլարի փոխատուութեան շուրջ բանակցութեանց յետաձգման, Եգիպտոսի իր աջակցութիւնը շարունակելու: Նշենք, որ բանակցութիւնները յետաձգուած էին եգիպտական կառավարութեան խնդրանքով` ներկայ իրադարձութեանց պատճառով:
Եգիպտոսի նախագահութիւնը նշեց, որ հանրաքուէին ընթացքին ձերբակալուած քաղաքացիները զինուորական դատարանի մէջ պիտի չդատուին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երէկ յայտարարեց, որ «չենք ուզեր ապահովական ուժերու վարմունքին առումով Մուպարաքի ժամանակաշրջանի նախկին վատ օրերու վերադարձ տեսնել», եւ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ բանակին ուղղուած յստակ զգուշացումով մը աւելցուց, որ «չենք ուզեր Մուպարաքի ժամանակաշրջանի սխալներուն կրկնութիւնը տեսնել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.