2012-12-12 12:31:39

Փարիզի «Նոթրը Տամ» Մայր Տաճարը Այսօր Կը Նշէ Իր 850-ամեայ Յոբելեանը։ (1163-2012)։


Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի «Նոթրը Տամ» Տաճարը կը նշէ իր 850-ամեայ Յոբելեանը: Աստուածամօր նուիրուած աշխարհահռչակ Տաճարին Յոբելենական տօնակատարութիւններուն սկիզբի ազդանշանը կը տրուի այսօր:
Տաճարի կառուցումը սկսած է 1163-ին: Ներկայիս տարեկան շուրջ 14 միլիոն այցելու կ՛ունենայ, իսկ յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին նշուելիք ձեռնարկներուն ծիրին մէջ կ՛ակնկալուի, որ 20 միլիոն զբօսաշրջիկ եւ ուխտաւորներ այցելեն Փարիզի յատկանշական վայրերէն եղող այս Տաճարը:
Յոբելեանի ծիրին մէջ տաճարին մէջ պիտի իրականացուին քանի մը նախագիծեր, որոնց շարքին պիտի բարելաւուի տաճարի ներքին լուսաւորութիւնը եւ կառոյցը պիտի համալրուի նոր զանգերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.