2012-12-12 12:21:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 12 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Գրային ընթերցումներու վրայ որ - ըսաւ Ան - կը յայտնեն Աստուծային Յայտնութեան զանազան հանգրուանները։ Հին կտակարանի մէջ, հին ուխտի ժողովուրդը Աստուծոյ միջամտութիւնները կը նշեր որպէս փրկարար իրադարձութիւններ։
Իսրայէլը կը զանազանուի միւս ազգերէն Աստուծոյ ծառայելով, անոր երկրպագելով ու կեանքով վկայելով Անոր մասին որպէս Ան որ կը յայտնուի պատմութեան մէջ։ Այս յայտնութիւնը իր լիութիւնը կը գտնէ Արարիչ Բանին մարդեղութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոսի` Աստուծոյ նախախնամ ծրագիրի գագաթնակէտ։
Անոր անձը կը լուսաւորէ հին կտակարանը եւ փրկութեան համայն պատմութիւնը։ Յիսուսի մէջ կ՛իրագործուի նոր ուխտը, ուղղուած բոլոր մարդոց, Սիրոյ վեհանձն ծրագիրը վկայուած հին ու նոր կտակարանին մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց - Յիսնակաց շրջանը մեզ կը հրաւիրէ դարձեալ վերատեսելու մարդկութեան պատմութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութեան երթուղին։ Մեզ կը յիշեցնէ թէ Աստուած բացակայ չէ ու երբէք զմեզ մենք մեզի չի թողուր։ Երկինքէն Ան կը ողորմի մեզի ու կու գայ մեզի հանդիպելու։ Վկայենք Անոր ներկայութիւնը ու մեր կեանքին մէջ ցոլացնենք անոր լոյսը որ լուսաւորեց Բեթղեհէմի քարայրը -եզրափակեց Սրբազան հայրը։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
''Այսօր - ըսաւ Ան - կը տօնենք Կուատալուփի Տիրամօր տօնը Ամերիկաներու եւ նոր աւետարանութեան պահպան սրբուհին.
Սիրելի երիտասարդներ` Մարիամի դպրոցէն սորվեցէք յուսալ ու սիրել ։ Սիրելի հիւանդներ Սուրբ Կոյսը ձեցի ընկերանայ ու ըլլայ ձեր ցաւերուն սփոփանք եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ընտանեկան ուղեւորութիւնը յանձնեցէք Յիսուսի Մօր։''
Ունկնդրութեան աւարտին նորին Սրբութիւնը բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.