2012-12-12 12:24:18

Նոր Ցոյցեր Եգիպտոսի Մէջ։ Պաշտպանութեան Նախարարը Քաղաքական Ուժերը Այսօր ՝՝Ազգային Երկխօսութեան՝՝ Կը Հրաւիրէ։


Հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի փողոցները ողողեցին` մասնակցելով հակադիր հաւաքներու, մինչ նոր սահմանադրութեան մասին 15 դեկտեմբերի համար նախատեսուած Հանրաքուէին նախօրեակին լարուածութիւնը կը շարունակուի։
Ընդդիմադիր ցուցարարներ չորս տարբեր քայլարշաւներով ուղղուեցան Իթթիհատիյա նախագահական պալատ: Ընդդիմադիր ցուցարարներ շրջանցեցին նախագահական պալատին առջեւ բանակին կողմէ հաստատուած անցարգել մը, սակայն բռնի ուժի կիրարկում տեղի չունեցաւ: Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի բանակին քաղաքայիններ ձերբակալելու իրաւասութիւն տուած է, սակայն դէպքը ցոյց տուաւ, որ բանակը առնուազն առայժմ այդ իրաւասութիւնը չ՛ուզեր կիրարկել:
Եգիպտոսի դատաւորներու ակումբի ղեկավարը յայտնեց, որ երկրին դատաւորներուն 90 առ հարիւրը կը մերժէ հանրաքուէին հսկել: Ըստ եգիպտական օրէնքին, իւրաքանչիւր ընտրական կեդրոն պէտք է դատաւորի մը վերահսկողութեան տակ ըլլայ:
Մինչ այդ, եգիպտական բանակը ազգային երկխօսութեան հրաւէր մը ուղղեց: Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտել Ֆաթահ Սիսի եգիպտական քաղաքական ու ազգային բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ազհարի ներկայացուցիչները այսօր հրաւիրեց ազգային երկխօսութեան մը: Սակայն նախագահական պալատը յայտարարեց, որ երկխօսութիւն կատարելու հրաւէրը նախագահութեան կողմէ է եւ ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ, իսկ «հրաւէրը ուղղուած է քաղաքական կողմերուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն»:
Մինչ այդ, Եգիպտոս քաղաքական խառնակ վիճակին պատճառով Միջազգային դրամական ֆոնտէն խնդրեց յետաձգել փոխատուութիւնը: Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Մուրսիի կողմէ տուրքերու յաւելման ծրագիրի առկախումէն ետք, Եգիպտոս խնդրած է 4.8 միլիառ տոլարի փոխատուութիւնը յետաձգել:








All the contents on this site are copyrighted ©.