2012-12-12 12:42:32

Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի Սրբապատկերներու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան նորաստեղծ Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան, երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, երեկոյեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի սրբապատկերներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Չեխիոյ եւ Լեհաստանի դեսպաններուն, հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար արուեստասէր ու հաւատացեալ հասարակութեան, ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 22 դեկտեմբեր: Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան անունով Աուտի Խորոզի բարի գալուստի խօսքէն ետք Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Թոմազ Նոկածիչ. խօսեցաւ նշելով որ այս նախաձեռնութեան մէջ ՜՜արուեստն ու կրօնը կը միացուին եւ միախառնուելով սուրբերու պատկերներու ընդմէջէն հոգեպարար մթնոլորտ կը ստեղծեն ՝՝: Հայերուն եւ լեհերուն միջեւ, շեշտեց դեսպանը, մշակութային յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին, եւ այս նախաձեռնութիւնը այդ բոլորին վրայ պիտի աւելցնէ գնահատելի օղակ մը: Իր կարգին, Հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան՝ աւագ ժողովրդապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ / Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ, ըսաւ որ՝ ՜՜ սրբանկարները կ՛արտայայտեն մարմնացեալ Աստուծոյն ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ, որպէսզի մարդկութիւնը մասնակցի աստուածային կեանքին՝՝ ան նաեւ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ՜՜արուեստագէտ սրբանկարիչ Մարկարիթային, «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին, Լեհաստանի դեսպանին եւ եկեղեցւոյ Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան՝՝: Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսին, Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի ցուցադրած էր 100 սրբապատկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր գեղարուեստական իւրայատկութիւնը, իմաստային խորութիւնն ու արժէքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.