2012-12-12 13:25:50

Էկումենիկ Պաշտօնեաներու Ժողով Շուէտի Մէջ։


Դեկտեմբեր 4-6-ը Պոսսէի համամիութենական հիմնարկութեան մէջ, տեղի ունեցաւ էքիւմէնիք պաշտօնեաներու ժողովը, որուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կը մասնակցէր Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Զաքարիա աբեղայ Բաղումեան որ ներկայացուց. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական գործունէութիւնը այս վերջին շրջանին ։ Ժողովը նուիրուած էր (2013-ի հոկտեմբեր 30-էն մինչեւ նոյեմբեր 8-ը) Հարաւային Գորէայի Պուսան քաղաքի մէջ տեղի ունենալիք Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժ. համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ ԵՀԽ-ի ապագայ ծրագրերուն։
Ժողովի ընթացքին ԵՀԽ-ի գլխաւոր քարտուղարը Տոքթ. Օլաւ քհն. Թուեյթ, անդրադարձաւ ԵՀԽ.ի Ժ. համաժողովի կարեւորութեան եւ անոր նշանակութեան քրիստոնէական եկեղեցիներու կեանքին մէջ, ան ներկայացուց ԵՀԽ-ի ներկայի գործունէութիւնը եւ խօսեցաւ ապագայ տեսլականին մասին, շնորհակալութիւն յայտնելով ԵՀԽ-ի անդամ եկեղեցիներուն իրենց գործօն մասնակցութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.