2012-12-12 12:32:57

Ասիայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասերու Դաշնակցութեան Համաժողովը Վիէթնամի Մէջ։


Ասիոյ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները։

Անցեալ 10 դեկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Ասիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու դաշնակցութեան համաժողովին։ Այս առաջին անգամն է որ համագումարը տեղի կ՛ունենայ Վիէթնամ մէջ` '' Ասիայի Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները'' նիւթով։
Համագումարին մասնակցելէ անդին հարիւրաւոր կարդինալներու, արքեպիսկոպոսներու ու եպիսկոպոսներու համար այս առիթը բարեբեր է մօտէն ճանչնալու համար Վիէթնամի եկեղեցին։
Յայտնենք որ Ասիան ցամաքամաս մըն է որ յատկանշուած է իր բազմաթիւ մշակոյթներով, կրօնական հին ու հարոուստ աւանդութիւններով։
Ներկայիս Ասիայի ցամաքամասը կը ներկայացնէ աշխարհի բնակչութեան 60 տոկոսը, ուր կաթողիկէները փոքրամասնութիւն մը կը ներկայացնեն` բնակչութեան շուրջ 3,12 առ հարիւրը։
Նշենք որ Ասիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1970-ին, կը համախումբէ 19 եպիսկոպոսական համահաւաք դասեր, ունի որպէս կէտնպատակ հզօրացնել զօրակցութիւնը 19 եկեղեցիներու միջեւ` եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ասիական ցամաքամասի ընկերութեան բարրօրութեան համար։ Անոր հիմնարկութենէն ասդին համագումարները կը կտարուին ամէն չորս տարին անգամ մը։ Վիէթնամ թէեւ եղած է հիմնադիր անդամ բնաւ կարելիութիւնը չէր ունեցած իր հողին վրայ ընդունելու Ասիայի եպիսկոպոսական դասերու ներկայացուցիչները։ Այս տարուայ համագումարը, առ այդ, ղատմական նկատուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.