2012-12-11 13:40:38

Քահանայապետը Եւ Թուիթթէրի Ցանցը -


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Նոր ''Թուիթթէրի'' սերմանողը դուրս ելաւ ''թուիթթէր սերմանելու''։ Ցամաքամասի մի քանի բնակիչներ ըսին ''ի՞նչ կ՛ընէ հոս այս օտարը։ Այս մարզէն ներս մենք միայն գիտենք ինչպէս եւ ի՞նչ պետք է ''սերմանել'' ու զայն ծաղրելով իրենց կռնակը դարձուցին անոր։ Ուրիշներ ըսին '' հետաքրքրական ու զուարճալի է։ Նայինք թէ ուրիշ կարեւոր անձնաւորութիւններէ կամ մարզիկներէ աւելի ''հետեւորդներ'' պիտի ունեն՞այ'' ու թիւերու շուրջ դիտարկումներ կատարեցին առանց սակայն մտահոգուելու ''Թուիթ - պատգամներու'' պարունակութեան` ու կորսնցուցին իրենց հետաքրքրութիւնը։ Իսկ ուրիշներ ըսին ''վերջապէս մէկը կայ որ կը մտահոգուի մեզի փոխանցելու կարեւոր պատգամներ։ Ուշադրութեամբ պիտի ունկնդրենք անոր եւ ուրախ պիտի ըլլանք այդ պատգամները փոխանցել, մեր կարգին, մեր բարեկամներուն որոնք մեզի նման փնտռտուքի մէջ են։ Եւ այսպէսով ''Թուիթթերները'' տուին իրենց պտուղները ու բազմապատկուեցան, 30-ով, 60-ով. 100-ով... ով որ ականջ ունի լսելու թող լսէ։
Այսպէս կը գրէ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը, Հայր Լոմպարտին` իր շաբթուայ խմբագրականին մէջ ակնարկելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ''Թուիթթէր'' ցանցի վրայ բացած կայքէջին եւ որ 12 դեկտեմբերին պիտի սկսի գործել եւ որուն միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը ''թուային'' աշխարհին պիտի ուղղէ իր 140 տառ ունեցող պատգամները կամ մտածականի նիւթեր պիտի առաջարկէ, ինչպէս նաեւ պատասխաններ պիտի տայ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Հայր Լոմպարտին կը մատնանշէ թէ 140 տառերը քիչ չեն։ Աւետարանի շատ մը համարներ աւելի քիչ տառեր ունին, ինչպէս երանութիւնները։ Դարերէ ի վեր գիտակից ենք թէ առաւօտեան Յիսուսէն Խօսք մը ունկնդրելը ու զայն ամբողջ օրուայ ընթացքին մեր մտքին ու սրտին մէջ պահպանելը նեցուկ է մեր առօրեային ու....նաեւ մեր կեանքին. Սակայն հարկ է նաեւ հասկնալ - կը գրէ միշտ Հայր Լոմպարտին - թէ ինչ՞ու այս Խօսքը կարեւոր է, ո՞ր տեղէն կու գայ եւ ո՞ւր կ՛երթայ ու ի՞նչ է անոր իմաստը։
''Հատիկներ ինկան ճամբուն եզերքը։ Ուրիշներ ինկան քարքարուտ տեղեր ուր շատ հող չկար։ Ուրիշներ ինկան փուշերու մէջ ու խեղդուեցան իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ եւ արդիւնք տուին` մէկը հարիւր, միւսը վաթսուն, միւսը երեսուն։''
Բացայայտ է որ աշխրահի փրկութիւնը ''թուիթթի'' միջոցաւ չ՛իրագործուիր, սակայն անոր միջոցաւ մի քանի միլիոն անհատներ պիտի կարենան զգալ Քահանայապետի մօտիկութիւնը որ իրենց պիտի հաղորդէ խօսք մը, իմաստութեան ''կայծ'' մը, որպէսզի զայն իրենց մտքին ու սրտին մէջ պահպանեն եւ ուրիշներուն հետ կիսեն։
Աւետարանութեան նոր սպասարկութիւն մը։
Յայտնենք որ մինչեւ օրս ''հետեւորդներու թիւը գերազանցած է 700 հազար հետեւորդները ու մինչեւ Սուրբ Ծնունդ հաւանական է որ 1 միլիոնի հասնի։ Բայց եւ այնպէս Նորին Սրբութիւնը ժողովրդականութիւն չէ որ կը փնտռէ այլ այժմէական մարդուն մօտիկութիւնը - հաստատած է Ընկերային Հաղորդամիջոցաներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.