2012-12-11 14:05:08

Տասնեակ Զոհեր Սուրիոյ Մէջ։ Ընդդիմութեան Պարագլուխը Ալ Քիաթիպ Եւրոպայէն Օրինաւորութիւն Ձեռք Կը Ձգէ։ Հալէպի Մէջ Միակ Դրական Փոփոխութիւնը Ջուրի Առկայութիւնն Է։


Քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակէ, դեռ, տակաւին զոհեր խլել Սուրիոյ մէջ,առնուազն 46 զոհեր(ընդ որս կիներ ու երախաներ) բանակի ու ընդդիմադիր զինեալ խումբերու միջեւ կայացած բախումներուն։ Պատերազմէն յատկապէս տուժող քաղաքները Դամասկոս եւ Հալէպ։ Մինչ այդ Պրիւքսէլի մէջ Սուրիոյ ընդդիմութեան պարագլուխ Ալ Քիաթիպ ուզեց եւ ձեռք ձգեց օրինաւորութիւն ու նաեւ տնտեսական աջակցութիւնը Եւրոպայի,ի տես վաղը Մարաքէշ կայանալիք Ժողովին՝այսպէս կոչուած ՝՝Սուրիոյ Բարեկամներու Խմբակին՝՝ ։
Իսկ հայաշատ Հալէպի մէջ կրկին ելեկտրականութիւն չկայ, հեռախոսակապը եւս կանոնաւոր չի գործեր: Այս մասին -ին կը տեղեկացնէ Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռեյիսեան ` աւելցնելով, որ դեկտեմբեր 9-ին Հալեպի որոշ թաղամասերը ելեկտրականութիւն ունեցան , սակայն երեկոյան քաղաքը կրկին խաւարի մէջ մնաց : Միակ դրական փոփոխութիւնը ջուրի առկայութիւնն է , որը եւս մի քանի օր առաջ չկար: Ռեյիսեանը նաեւ կը տեղեկացնէ որ հացի խնդիրը սուր տագնապի առիթ կը հանդիսանայ , փուռերը կարող չեն աշխատելու , եղանակը արդէն ցրտած է եւ յաճախ փողոցներու մէջ մարդիկ կրակ կը վառեն եւ այդպէս կը տաքնան :
Իսկ Սուրիահայ Նազարէթ Էլմաջեան կը տեղեկացնէ որ Հոմսի հայկական թաղամասը այլեւս հայեր չեն բնակիր ,պարզապէս թաղամասին անունը այդպէս մնացած է եւ քաղաքի ռմբակոծումներու հետեւանք զոհուածներու թիւի մէջ հայեր չկան։
Սուրիոյ մէջ շուրջ 21 ամիս շարունակուող քաղաքացիական պատերազմը պատճառ է 40հազար հոգիի մահուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.