2012-12-11 13:43:50

Սուրբ Պետրոսի ''Յիսուսի Ս. Ծննդեան 2012-ի Մսուր''-ի Ներկայացումը։
Նուէր` Իտալիոյ Պազիլիքադա մարզի կողմէ։


Յառաջիկայ 13 դեկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասեանեակի մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Սուրբ Ծննդեան Մսուրը որ այս տարի նուիրուած է Պազիլիքադա մարզի կողմէ։ Յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին, ճրագալոյսի գիշերը­ մսուրը կը պարզուի հանրութեան։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Պազիլիքադա մարզի նախագահ` Վիթօ տէ ֆիլիփփօն, Վատիկանի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ճուզեփփէ Շագգայ եւ փրոֆ Անթոնիօ Բաուլուչչի` տնօրէնը Վատիկանի Թանգարանին ։
Յայտնենք որ Պազիլիգադա մարզը ճանչցուած է յատկապէս Մադերա գիւղով որուն ճարտարապետութիւնը նման է Ս. Երկրի տեսարանին, ու ծառայած է Յիսուսի կեանքը պատմող շատ մը ֆիլմերու արտադրութեան, ինչպէս Բիէր Բաուլօ Բազոլինիի`''Աւետարանը ըստ Մատթէոսի'' ֆիլմին, կամ՝ Մել Կիպսոնի ''Յիսուսի Չարչարանք''-ին։
2012-ի մսուրը կառուցողները ծրագրած վերարտադրել Մադերայի կրկնօրինակը, որ Ունեսքոյէն ճանչցուած է որպէս համաշխարհային ժառանգութիւնը։ Մսուրին մաս պիտի կազմեն կաւէ շուրջ 100 արձաններ, որոնք պիտի կրեն պազելիքադայի աւանդական տարազները, մինչ ս. Ընտանիքը պիտի կրէ հին պաղեստինի տարազները։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 31 դեկտեմբերին ամավերջի աւանդական գոհաբանութեան արարողութիւնը գլխաւորելէ ետք, ս. Պետրոսի հրապարակի մսուրին առջեւ պահ մը պիտի։









All the contents on this site are copyrighted ©.