Այսօր Եգիպտոսի մէջ ՝՝Թեր Ու Դէմ՝՝ Ցոյցեր ՆախագահՄուհամմէտ Մուրսիի ։
Լարուածութիւն Եգիպտոսի մէջ՝ նախատեսուած երկու ցոյցերու առնչութեամբ, այսօր ։ Արդարեւ
ցոյցերէն մին պիտի ըլլայ ՝՝թեր՝՝ նախագահ Մորսիի,իսկ միւսը ՝՝դէմ՝՝ նոյնպէս նախագահ Մորսիի։
Մինչ այդ ի տես 15 Դեկտեմբերի Հանրաքուէին , նախագահը հրապարակեց հրամանագիր մը որով
բանակին կուտայ ապահովութեան բոլոր իշխանութիւնները,ներառեալ քաղաքացիներու ձերբակալութիւնը
, որը միայն ոստիկանութեան իրաւսասութինն էր։ Միւս կողմէ մայրաքաղաքի Թահրիր Հրապարակի
վրայ անծանօթներու կողմէ բացուած կրակը ցուցարարներու ուղղութեամբ, վիրաւորած են 10
անձեր։ Միջադէպքը տեղի ունեցած է , Թահրիր Հրապարակի վրայ կայացած հանրահաւաքի
ժամանակ,արշալոյսին :Միջադէպքէն անմիջապէս ետք Հրապարակին վրայ ոստիկանութեան մեքենաները
յայտնուած են։ Ցուցարարները իրենց ձայները կը բարձրացնէին ՝՝գործող համակարգը տապալելու
կոչերով՝՝: Ըստ ընդդիմադիրներու կարծիքին , շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Հանրաքուէն՝
Երկիրը կ՝առաջնորդէ երկու բեւեռացումի ։ Եգիպտոսի մէջ աւելի քան երկու շաբաթ առաջ
սկսած բուռն բողոքներու դրդապատճառը Նախագահ Մուհամմէտ Մուրսիի հրապարակած Սահմանադրական
Նոր Հռչակագիրն է,որով ան զգալիօրէն կ՝ըդլայնէր իր իրաւասութիւնները։ Ցուցարարները (յատկապէս
աշխարհական կարգավիճակի պատկանողները) կը պահանջէն չեղեալ նկատել այս Հռչակագիրը(որ նախագահը
կասեցուց) , միաժամանակ նաեւ չեղեալ նկատել 15 Դեկտեմբերի Հանրաքուէն ։