2012-12-10 12:04:35

Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչում՝ Գիւմրիի Եւ Ստեփանակերտի Մէջ:


Սպիտակի երկրաշարժի 24րդ տարելիցի առիթով 7 Դեկտեմբերին ,Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան՝ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի Յուշահամալիր եւ ծաղիկներ դրած՝ անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Յուշակոթողին առջեւ:
7 Դեկտեմբեր 1988ի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով 7 Դեկտեմբերին Գիւմրիի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած է Ս. Պատարագ եւ կատարուած է Հոգեհանգստեան արարողութիւն, որոնց ներկայ եղած են մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի Պատգամաւորներ:
Օրուան ընթացքին խճողուած էին Գիւմրիի եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները: Մեծ թիւով գիւմրեցիներ այցելութիւն տուած են աղէտին պատճառով կորսնցուցած իրենց հարազատներու շիրիմներուն՝ սգալու անոնց առյաւէտ բաժանումը եւ խունկ ծխելու անոնց գերեզմաններուն վրայ։ Բազմաթիւ անձեր այցելած են նաեւ անմեղ զոհերու եղբայրական գերեզման:
Մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններէն բացի պաշտպանութեան նախարարը եւս մասնակցած է երկրաշարժի զոհերու յիշատակի արարողութեան։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուած է Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած անմեղ զոհերու յուշարձանին առջեւ: Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան կատարած է հոգեհանգստի արարողութիւն։

Մեծ թիւով Գիւմրեցիներ այցելած են նաեւ Գիւմրիի մէջ գտնուող երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին կառուցուած Յուշարձան՝ ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դնելու, յարգանքի տուրք մատուցելու 1988ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
Յուշարձանին առջեւ Ծաղկեպսակներ զետեղուած էին նաեւ Հայաստանի նախորդ նախագահներու անուններով :








All the contents on this site are copyrighted ©.