2012-12-10 12:25:45

Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Կոչը՝ Երկխօսութեան։


Պքերքէ- Շաբաթ 8 նոյեմբերին, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը աւարտեց իր ժողովը Պքերքէի մէջ, մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին ու կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու։

Փակման հաղորդագրութեան մէջ, խորհուրդը իր մտահոգութիւնը յայտնեց երկրի քաղաքական ներկայ տագնապին շուրջ եւ կոչ ուղղեց երկխօսութեան լուծելու համար բոլոր խնդիրները եւ դիմագրաւելու համար տնտեսական ծանր պայմանները։ Ինչպէս եւս ան զօրակցութիւն յայտնեց տարածաշրջանի ժողովուրդներուն հետ, իրագործելու համար անոնց արդարութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքները, դատապարտելով բռնութեան ու պատերազմի միջոցները։
Վերջապէս, խորհուրդը վարչական ընտրութիւններ կատարեց իր գործադիր անձնակազմէն ներս եւ պատկան եպիսկոպոսական յանձնախումբերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.