2012-12-10 12:11:46

Թուրքիոյ Բանտերու 71 Լրագրողներու Ողբերգութիւնը։



«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»թրքական օրաթերթը որ անգլերէնով լոյս կը տեսնէ կը հաղորդէ, որ Մամլոյ Միջազգային Հիմնարկի եւ Թուրք Լրագրողներու Ընկերակցութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Անգարայի մէջ, ուր հրապարակած են Միացեալ Յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ թրքական բանտերուն մէջ տակաւին 71 լրագրողներ արգելափակուած են:
Մամլոյ Միջազգային Հիմնարկի անդամները նաեւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան ներկայ վիճակին վերաբերեալ:
Հիմնարկի ներկայացուցիչ Փիթըր Փրեսթըն ըսած է, որ ինք ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ առած քայլերուն, որոնք ուղղուած են ժողովրդավարացման հոլովոյթին, եւ ընդգծած է, որ այդ հարցին մէջ Անգարայի քայլերուն կշռոյթը զգալի կերպով թուլցած է:
Փիթըր Փրեսթըն նաեւ նշած է, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է իշխանութիւններուն հետ` պահանջելով ազատութիւն տալ ՝՝ճաղերուն ետին գտնուող լրագրողներուն՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.