2012-12-08 08:03:08

Լորեթօ - Խարուկահանդէս Ի Պատիւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։


Իտալիոյ Լորեթօ քաղաքին մէջ, ուր կը գտնուի Սուրբ Ընտանիքին բնակարանը, ժողովրդային աւանդութիւն է, դեկտեմբեր 9-10 գիշերը, խարուկահանդէս կատարել մեծարելու եւ տօնախմբելու Ս. Ընտանիքի Նազարէթի տան գալուստը Լորեթօ։ Մաչերադա-Լորեթօ ուխտագնացութեան կոմիտէն այս տարի եւս ոտքով ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դեկտեմբեր 9-ին որուն աւարտին խարուկահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ։ Տօնախմբութիւնը սկիզբ կ'առնէ երեկոյեան ժամը 5-ին հանդիսաւոր պատարագով Սուրբ Յուլիանոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ծիսակատարութեան աւարտին տեղի կ՛ ունենայ խարուկահանդէսը` աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.