2012-12-08 07:59:28

Անարատ Յղութեան Տօնին Առթիւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 8 դեկտեմբեր 2012-ի կէսօրին՝ (ժամը 12-ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Ապա յետմիջօրէին՝ ( ժամը 15,45 անց ) Սրբազան Հայրը ինքնաշարժով մեկնեցաւ դէպի Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն ''Բիացցա տի Սպանիա'' կոչուած հրապարակը ուր կը գտնուի ''Անարատ Յղացեալին՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ բարձր արձանը։
Սրբազան Հայրը ՜՜Սպանիա՝՝ կոչուած հրապարակի ''Անարատ Յղութեան'' արձանի ոտքին կատարուած արարողութեան ընթացքին ծաղկեփունջ մը զետեղփց ու ապա պատգամ մը կը փոխանցեց ներկաներուն որուն մէջ հաստատեց թէ ''Աստուած լռութեան մէջ կը խօսի ու մարդը կ՛ազատագրէ մեղքէն'' օրինակ տալով Անարատ Յղացեալը։ Ան ապա մատնանշեց թէ սորվելու ենք ոչ ըսել եսասիրութեան ձայնին եւ Այո ըսել սիրոյ հարազատ ձայնին'' աւելցնելով որ Մարիամի երջանկութիւնր լիակատար է որովհետեւ Անոր սրտին մէջ մեղքի ստուեր անգամ չկայ''

Նշենք որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ աւանդութիւն դարձած է որ՝ Հռոմ քաղաքը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ միասին, մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով մեծարեն Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը, բարձրացած' Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական այս հրապարակի վրայ ։
Հռոմի հրշէջները 8 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 7.30ին իրենց կարգին կը մեծարեն Անարատ Յղացեալը որպէս իրենց պաշտպան Սրբուհին։ Հրշէջներէն մին կը բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեպսակ մը, արժանանալով ներկայ հաւատացեալներու եւ հետաքրքիրներու ծափողջոյներուն։

Յայտնենք թէ Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Սրբազան Քահանայապետի կամքով բարձրացաւ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորեց արձանին բացման արարողութիւնը 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները, ծաղիկ զետեղելով յուշարձանին ոտքը։
Արշալոյսէն արդէն կը սկսի հաւատացեալներու հոսքը դէպի Սպանիա հրապարակ այնտեղ ծաղիկ կամ ծաղկեփունջեր զետեղելու , ու նաեւ հայցելու՝ Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.