2012-12-07 11:36:03

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ



Կը հաւատանք Աստուծոյ «Անսահման զօրութեան»
Ս. Գիրքը, առհասարակ, կը գործածէ զանազան բառեր արտայայտելու համար Աստուծոյ անսահման Զօրութիւնը եւ Անոր գերագոյն Մեծվայելչութիւնը, ցոյց տալու համար մեզի թէ ինչպիսի բարեպաշտութեամբ պէտք է յարգենք այս երիցս սուրբ Անունը:
Ինքն իր մասին խօսելով, Աստուած կ՛ըսէ. « Ես եմ ամենազօր Տէրը » (Ծննդ. ԺԷ., 1): Իսկ Յակոբ, իր զաւակները Յովսէփին ղրկած ատեն, այս աղօթքը կ՛ընէր. «Թող ամենազօր Տէրը զինքը բարեգութ դարձնէ մեզի հանդէպ (Ծննդ. ԽԳ, 14): Յայտնութեան Գիրքին մէջ կը կարդանք նաեւ. «Մեծ օրը կոչուած է՝ Ամենազօրին օրը (Յայտն. Դ, 8):
Ասով կ՛ուզենք ըսել թէ չկայ բան մը, միտքը չի կրնար երեւակայել բան մը զոր Աստուած չկարենայ իրագործեԼ: Ան, ոչ միայն կրնայ կատարել այս հրաշքները, որոնք, որքան ալ մեծ ըլլան, չեն գերազանցեր բացարձակապէս մեր գաղափարները (ինչպէս՝ ամէն ինչ բնաջնջել, երկվայրկեանի մէջ ստեղծել բազմաթիւ աշխարհներ), այլ նաեւ բազմաթիւ ուրիշ բաներ, որոնց մասին մարդուս միտքն ու իմացականութիւնը գաղափար մը իսկ չունին:
Սակայն, ամենակարող ըլլալով հանդերձ, Աստուած չի կրնար խաբել, խաբուիլ, մեղանչել, մեռնիլ եւ որեւէ բան անգիտանալ: Այս բաները կրնան պատահիլ մի միայն էակներու մէջ, որոնց գործելակերպը անկատար է: Եթէ կ՛ըսենք թէ Աստուած չի կրնար զանոնք ընել, պատճառն այն է, որ Ան անհունօրէն կատարեալ է, Ամենակալ է: Ստուգիւ, այդ բաները կարենալ ընելը՝ անսահման զօրութեան նշան չէ այլ՝ տկարութեան արդիւնք է:
Այսպէս ուրեմն կը հաւատանք որ Աստուած ամենակարող է, եւ սակայն խնամքով կը զգուշանանք վերագրելէ Անոր որեւէ բան մը, որ չհամաձայնի Անոր բնութեան անսահման կատարելութեան հետ:
Վերջապէս, չկայ բան մը որ այնքան ատակ ըլլայ զօրացնելու մեր Հաւատքը եւ Յոյսը, ինչպէս այն խոր համոզումը զոր ունինք՝ թէ Աստուծոյ համար չկայ անկարելի բան մը: Եւ այս Հաւատքը մեզ պէտք է հաստատէ ու զօրացնէ մանաւանդ երբ կատարելիք ունինք դժուար բան մը - տեսակ մը հրաշք - ընկերոջ բարիքին եւ օգուտին համար, եւ կամ երբ ուզենք Աստուծմէ ընդունիլ յատուկ շնորհք մը, աղօթքի միջոցաւ: Մեր Տէրը ուզեց անձամբ սորվեցնել մեզի այս պարտականութիւններուն առաջինը, երբ, յանդիմանելով առաքեալները իրենց թերահաւատութեան համար ըսաւ. «Եթէ ունենաք մանանեխի հատիկի չափ հաւատք, պիտի ըսէք այլ լեռան. հոստեղէն հոն անցիր, եւ պիտի անցնի, եւ անկարելի բան մը պիտի չըլլայ ձեզի համար»: Այս նոյն հաւատքը կը ծառայէ մեզի՝ յիշելու եւ երախտագիտութեամբ տարփողելու Աստուծոյ անհուն բարիքները՝ մեզի հանդէպ: Որովհետեւ, ան որ կը հաւատայ Աստուծոյ ամենակարողութեան, կրնայ նաեւ ըլլալ բաւականաչափ ապերախտ, չկրկնելու համար յաճախ Սուրբ Կոյս Մարիամին օրհներգութիւնը. «Տէրը ինծի մեծամեծ բարիքներ ըրաւ. մեծ է իր անունը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.