Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Յիշատակի Արարողութիւններ
Այսօր, (ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012) Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 24րդ տարելիցն
է։ Համայն Հայութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ զանազան արարողութիւններով եւ ձեռնարկներով
կը յիշատակէ 1988-ի՝ ահաւոր երկրաշարժը որ ցնցեց Հայաստանը.... ԱՄՆ.ի մէջ, Մուշեղ արք.
Մարտիրոսեանի՝ Կլենտէյլի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին տնօրինումով՝ կիրակի 9
Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմիա՛»ի
յատուկ արարողութիւն մը պիտի կատարուի, ի յիշատակ զոհերուն: Իսկ Հռոմի մէջ, 1988-ի՝
երկրաշարժի ԻԴ. տարելիցին առթիւ՝ Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանին մէջ, կազմակերպութեամբ՝
Լեւոնեան վարժարանի տեսչութեան, Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան ու Հռոմի Հայ Համայնքի
Խորհուրդին, տեղի կ՝ունենայ դասախօսական երեկոյթ մը եւ ներկայացումը, Մարիօ Մասսիմօ
Սիմոնելլիի ՜՜Il lungo inverno di Spitak՝՝ (Սպիտակի երկար ձմեռը) հատորին։